Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին կողմէ «2019. Հայ մամուլի տարի» հռչակուելուն առիթով, հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները` «Ազդակ»-էն Շահան Գանտահարեանը, «Զարթօնք»-էն Սեւակ Յակոբեանը եւ «Արարատ»-էն Անի Եփրեմեանը:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պատասխանատու խմբագիրներուն հետ քննարկեց «Հայ մամուլի տարուան» առիթով շարք մը նախաձեռնութիւններուն կարելիութիւնները: Հետագային պիտի մշակուի համապատասխան ծրագիր, եւ հաղորդագրութեամբ մը մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ արծարծելու լիբանանահայ մամուլը յուզող շարք մը մտահոգութիւններ: