Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 30 մայիս 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մայիս 28-ի ոգիով տոգորուած, մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած աղօթքները, նաեւ մեր եկեղեցիներուն ղօղանջող զանգերը, մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղեն դէպի Հայաստան աշխարհ` ոգեկոչելու համար անոր անկախութեան 103-րդ տարեդարձը: Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանի դէպքերուն վրայ` շեշտելով, որ վեց դարերու ստրկութեան վիճակէն ետք, երբ ամէն մարդ կ՛ենթադրէր, որ հայ ժողովուրդը այլեւս կարիք չի զգար ոտքի կանգնելու եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու, դարձած էր արիւնաքամ, թրքական բանակները կը գտնուէին Երեւանի դռներուն մօտ, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ եւ ի խնդիր մեր ազգային գոյութեան, իր սեփական ուժով իր ազատութիւնը կերտեց:

«Հայաստանի անկախութեան 103-րդ տարեդարձին առիթով մեր գիտակցութեան մէջ անհրաժեշտ է վերաքաղ կատարել դաժան եւ արիւնլուայ այն ճամբաներուն, ուրկէ մեր ազգին պատմութիւնը անցաւ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ առանց ճանչնալու պատմութիւնը եւ գիտնալու մեր ազգին անցած դարաւոր ճամբան, առանց գաղափար ունենալու մեր ժողովուրդին ապրած դժոխային պայմաններուն մասին, չենք կրնար առնչուիլ հայութեան երազներու եւ դարաւոր իղձերուն: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ մեր ժողովուրդին գոյութիւնը արդէն իսկ հրաշք է, իսկ հայօրէն ապրիլը կեանքի պայքարը շահելէն աւելի մեծ յաղթանակ է: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ անցնող դարաշրջաններուն շատ ցաւեր ունեցանք, սակայն միշտ պայքարեցանք գիտակցօրէն ու մեծ հաւատքով` աւելցնելով, որ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայ, սակայն անոր ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ կառոյցը սկսած են քայքայուիլ: Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ, թէ արդեօք մեր ժողովուրդը այսուհետեւ պատրաստ չէ՞ տէր դառնալու իր կեանքին եւ չի՞ գիտեր իր իրաւունքներուն սահմանները, արդեօք տգէ՞տ է եւ չի՞ գիտեր իր էութեան վերաբերող խնդիրներուն մասին:

Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ մայիս 28-ն մեզ կը հրաւիրէ արթնութեան, նաեւ կը հրաւիրէ Հայաստանի, հայութեան եւ արժէքներուն համար տրամադրելու մեր բազուկը, միտքը, արիւնը եւ հոգին, որպէսզի մայիսեան սերունդով սկսած գործը անաւարտ չմնայ: Ան շեշտեց, որ մեր կեանքին մէջ կան կացութիւններ,  որոնց դիմաց չենք կրնար անճրկիլ, պարտականութիւնները լքելով փախչիլ եւ անորոշութեան խորքը մտնելով կորսուիլ: «Եթէ կ՛ուզենք իբրեւ ազգ ապրիլ ու զարգանալ, պէտք է պայքարինք բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր այն ուժերուն դէմ, որոնք կը ջանան մեր միտքն ու հոգին շեղել մեր ազգային իտէալներէն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ եթէ մենք մեր կեանքով չպաշտպանենք մեր անկախութիւնը, մեր դրացիները պատրաստ են միանգամընդմիշտ ջնջելու հայութեան գոյութեան իմաստը:

Եզրափակելով իր խօսքը Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ պէտք է մեր ժողովուրդի զաւակները հաւաքուին մեր հայրենի հողին վրայ` փրկելու համար մեր ազգի ապագան եւ բազմադարեան մշակութային ժառանգութիւնը, որպէսզի ուրիշ ազգերու կողքին հայ ժողովուրդը եւս արժանի ըլլայ վայելուչ կերպով իր տեղը գրաւելու պատուանդանին վրայ: