Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 եւ հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2024-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից գտնուող բաժանմունքի կեդրոնին մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով ընթացք առաւ «Տաքուկ ձմրան համար` անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը:
Երկու օրերու ընթացքին առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00 բաժանմունքը անվճար մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրաւ հաստատութիւններու եւ անհատներու կողմէ տրամադրուած այրերու, կիներու, եւ փոքրերու հագուստեղէն: Ծրագիրին նաեւ մաս կը կազմէին` խաղալիքներ, գրենական պիտոյք, այլեւայլ իրեր:
Այս առիթով կեդրոն այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի: Սրբազան հայրը գնահատեց Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին գործունէութիւնը, որ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ սատար կը հանդիսանայ մեր ժողովուրդին:
Յայտնենք, որ երկու օրերու ընթացքին հարիւրաւոր ազգայիններ մասնակցեցան «Անվճար հագուստի աշխարհ» նախաձեռնութեան եւ ապահովեցին մեծաթիւ հագուստեղէն: