Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«Հաւաքական Ճիգով Պիտի Յաղթահարենք Ճգնաժամը», Հաստատեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեան՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպումին

Հինգշաբթի, 30 յուլիսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորըտնիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեանին եւ այս առիթով նաեւ շնորհաւորեց զայն՝ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ շնորհուած արքութեան տիտղոսին համար։

Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը միաձայնութեամբ իր վստահութեան քուէն սրբազան հօր տուաւ՝ ի մտի ունենալով լիբանանահայ համայնքի մէջ անոր ունեցած հինգ տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը։ Ան երախտապարտութեամբ արտայայտուեցաւ ներկայ ճգնաժամին մէջ Շահէ արք. Փանոսեանին ունեցած դերակատարութեան ու առաջնորդարանի ծաւալած օժանդակութեանց գործերը համակարգելու եւ ընդհանրապէս անոնց մղում տալու աշխատանքին մասին։ Բագրատունի Կեդրոնական կոմիտէի անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու առաջնորդին ու առաջնորդարանի ընդհանուր գործունէութեան՝ հաւաստիացնելով, որ համագործակցութեան նոյն ոգիով աշխատանքները պիտի շարունակուին։

Գերշ. Տ. Շահէ Արք․ Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէին այս այցելութեան համար՝ հաստատելով, որ նախապէս,  աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ լիբանանահայ կեանքին մէջ գործելու փորձառութիւնը ապրած էր եւ ծանօթ էր աւելի փայլուն ապագայ մը կերտելու հեռանկարով  տարուող խանդավառ աշխատանքներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ այսօր, ճգնաժամային այս փուլին, թէեւ մարտահրաւէրները ուրիշ են, սակայն դարձեալ առաջնորդարանն ու մեր կառոյցները կը շարունակեն գտնուիլ պատասխանատուութան առաջին դիրքի վրայ։ Սրբազանը աւելցուց, որ մեր դիմաց գտնուող մարտահրաւէրներուն մէջ, վստահաբար, անցեալի օրինակով, պիտի շարունակէ վայելել Կեդրոնական կոմիտէի եւ յարակից կառոյցներուն նեցուկն ու զօրակցութիւնը։ «Հաւաքական ճիգով պիտի յաղթահարենք ճգնաժամը եւ պիտի կարենանք դուրս գալ այս բոլորէն՝ աւելի լաւ ապագայի մը տեսլականով», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Հանդիպումը առիթ ստեղծեց նաեւ խորհրդակցելու համայնքը տագնապեցնող կարգ մը հարցերու մասին։ Կարեւոր նկատուեցաւ, որ միացեալ ու համակարգուած ճիգով եւ գաղութի ներուժին ամբողջական օգտագործումով դիմակալել այս փուլին լիբանանահայութեան դիմաց ցցուած զանազան բնոյթի մարտահրաւէրները։