Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Վահէ Յովակիմեան Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 23 մայիս 2022-ին Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանն ու թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը` մօտէն ծանօթանալու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերուն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, յօգուտ լիբանանահայութեան, Լիբանանի Ազգ. առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ ի գործ դրուած վերականգնումի ճիգերուն:

Հանդիպման ընթացքին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանն ու Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին անցնող տագնապալի ժամանակներուն լիբանանահայ կեանքը պաշտպանելու համար Ազգային առաջնորդարանին ու յարակից կառոյցներուն ճամբով տարուած բազմերես այն աշխատանքներուն մասին, որոնք իրականացան համահայկական ճիգով եւ համազգային աջակցութիւններու շնորհիւ:

Այս առիթով  Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Լիբանանի Հայոց թեմին անունով իր երախտիքը յայտնեց Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին ու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ազգային վարչութեան, որոնք լիբանանահայ կեանքի պահպանութեան համար յանձն առնուած տեսակաւոր զոհողութիւններու կողքին, նաեւ Ազգային մեր վարժարաններուն մէջ 500 աշակերտներու կրթաթոշակը ապահովեցին:

Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Մեր անսահման սէրը, մեր յարգանքն ու երախտիքը բոլոր անոնց, որոնք երբեմն իրենց սեփական կարիքները մոռնալով, լիբանանահայ կեանքի յարատեւութեան համար եւ ի սպաս հայ կրթութեան գործին, սիրով իրենց ունեցածը նուիրաբերեցին: Թող ամենաբարին Աստուած բոլոր ծանօթ ու անծանօթ բարերարներուն կեանքը առատացնէ անմահական շնորհներով»: