ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի եղբայրները շաբաթ, 23 յունուար 2016-ին այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` միութեան գործունէութեան քառամեակի սկիզբը փոխադարձ ծանօթացման նպատակով:
Այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան աշխարհասփիւռ կազմը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներու մանրամասնութիւններուն: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր միութեան տարած բեղուն աշխատանքներուն վրայ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր եւ Ազգային իշխանութեան բոլոր մարմիններուն կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու ՀՄԸՄ-ի բոլոր աշխատանքներուն` յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ ծրագիրներուն: