Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին

 

Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հետ։

Առաջին առիթով մարմինի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ծանօթացուց Վերականգնումի մարմինի կազմը, մշակուած ծրագիրներն ու ցարդ կատարուած աշխատանքները։

Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ Լիբանան իր այցելութեան նպատակին ու առաքելութեան եւ «Օգնիր եղբօրդ- Լիբանան» Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեան։ Ան գնահատեց լիբանանահայութեան վերականգնումի ու վերաշինութեան հաւաքական ու հաստատակամ աշխատանքը՝ միաժամանակ անդրադառնալով լիբանանահայ համայնքին ունեցած հայրենանուէր ու ազգանուէր առաքելութեան եւ համահայկական անփոխարինելի դերակատարութեան կարեւորութեան։ Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով լիբանանահայութիւնը կարենայ շրջանցել տագնապը, որուն համար Հայաստանի ՀՅԴ կառոյցը միշտ ալ կը մնայ պատրաստակամ իր ճիգերը միացնելու Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերուած համահայկական զօրակցութեան։