Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ Հայաստանի երկրաշարժին զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն համար: Հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցեցաւ Լիբանանի թեմի քահանայից դասը:
Յաւարտ հոգեհանգիստին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս իր պատգամը ուղղեց: Սրբազան Հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Նոր կտակարանէն «Ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ ու կը գործադրէ, կը նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը կառուցէ» համարը: Ապա ան նշեց, որ այսօրուան համախմբումը խունկով եւ աղօթքով յիշելու օր է երեսուն տարիներ առաջ Հայաստանի երկրաշարժի ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայորդիներուն: Նարեկ Արքեպիսկոպոս մատնանշեց, որ 7 դեկտեմբեր 1988-էն ետք հայ ժողովուրդի կեանքը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ շրջադարձ մը ապրեցաւ, որովհետեւ բնութեան այս աղէտը ո՛չ միայն հարուածեց ընտանիքներ, այլ ամբողջ մեր ազգը ցնցուեցաւ պատմութեան մէջ աղէտի մը դիմաց եւ ինքզինք արժեւորեց օգնութեան ձեռք երկարելով կարիքաւորներուն եւ հայօրէն, խիզախօրէն դիմագրաւելով զայն: Հայութիւնը եւ հայութեան բարեկամ պետութիւններ զօրակոչի ենթարկուեցան եւ զանազան միջոցներով իրենց օժանդակութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեցին: Հայաստանը եւ հայութիւնը տարբեր իմաստ ստացան թէ՛ հայկական իմաստով եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ:
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով քարոզին բնաբանին յայտնեց, որ Քրիստոս լերան քարոզը այս համարով եզրակացուց: Մեր կեանքին մէջ ունինք մեր սրբազան լեռը` Արարատը, որուն նայելով եւ ներշնչուելով մենք կը փորձենք մեր հաւաքական տունը կառուցել ժայռի վրայ` իբրեւ իմաստուն եւ հեռատես ժողովուրդ:
Երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առիթով մենք ազգովին եւ իբրեւ լիբանանահայութիւն ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով ցոյց տուինք, թէ մեր հայրենիքի հզօրացումը մեր գլխաւոր մտահոգութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւն կը կազմեն: Մենք ո՛չ միայն մեր հայրենիքին կողքին ենք Հայաստան այցելելով, կամ Հայաստանի մասին խօսելով եւ երգելով, այլ նաեւ մեր նիւթաբարոյական նեցուկը յայտնելով անոր: Լիբանանահայութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ճամբով հաւաքաբար փափաքեցաւ, որ դրամահաւաքը յատկացուի Գիւմրիի մէջ անօթեւան մաս մը ընտանիքներուն երդիք եւ բնակարան տրամադրելու նպատակին: Սրբազանը նաեւ նշեց, որ ամէն օր մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր հայրենիքին եւ մեր հայրենակիցներուն հանդէպ: Մենք ունինք նոյն քրիստոնէական հաւատքն ու պատմութիւնը եւ հրաւիրուած ենք կերտելու նոյն ներկան ու նոյն ապագան:
Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ իբրեւ մէկ ժողովուրդ` հայրենաբնակ թէ սփիւռքացած, մեր դիմաց ցցուող բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց դառնանք իմաստուն հայ ժողովուրդ, որպէսզի մեր ֆիզիքական, իմացական եւ հոգեւոր տունը կառուցենք ժայռի վրայ` ստանալու համար մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրհնութիւնը եւ շարունակելու համար մեր յաղթական երթը:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը: