Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հոգեհանգիստ` Վաղամեռիկ Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Մահուան Ժէ. Տարելիցին Առիթով

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վաղամեռիկ համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԷ. տարելիցին առիթով:

Ս. պատարագի աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ սրտի խօսք արտասանեց Սրբազան Հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ 17 տարիէ ի վեր ամէն տարի գրեթէ այս օրերուն միշտ քով-քովի եկած ենք ոչ միայն իբրեւ Շահպազեան ընտանիքի հարազատներ, այլեւ` իբրեւ լիբանանահայ թեմի պատասխանատուներ, հոգեհանգիստով նշելու Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը:

«Ճիշդ է, որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք եւ այս աշխարհի վրայ առաքելութեան մը համար կ՛ապրինք, բայց կեանքին մէջ շատ են խորհուրդները, որոնցմէ մեծագոյնը կանուխ մահուան խորհուրդն է, որ աւելի հարցականներ կը դնէ մեր դիմաց, քան պատասխաններ կու տայ», հաստատեց Սրբազան Հայրը` վստահեցնելով, որ Շահպազեան ամոլը իրենց մխիթարութիւնը գտած են այն բարեգործութեամբ, որ իրենք կատարած են հաստատելով Ազգային վարժարաններու յատուկ ֆոնտը:

«Մեզի համար հայեցի դաստիարակութիւնը մեր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութեան անբաժանելի մասնիկն է: Հայ դպրոցը` հայ եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքին եւ հայ ակումբին կողքին, մեր ինքնութեան միջնաբերդն է», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ Շահպազեան ամոլին կատարած բարեգործութիւնը ուղղակիօրէն մեր աշակերտներուն թէ՛ կրթական կեանքին մէջ եւ թէ՛ ապագայի համար կարեւոր ներդրում մըն է: Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ մեր ժողովուրդին մէջ գտնուին նաեւ Շահպազեան ամոլին բարի օրինակին հետեւող ազգայիններ, որպէսզի մեր բոլոր հաւաքական կարիքները գոհացում գտնեն: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնատահեց Շահպազեան ամոլը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային վարժարաններու բոլոր պատասխանատուներուն ու մանաւանդ ուսանողութեան անունով, որոնցմէ շատեր անձամբ չեն ճանչնար զիրենք, սակայն իրենց այս գործին ընդմէջէն կը յիշեն զիրենք, նաեւ Սեպուհը` իր քաղցր յիշատակով եւ իր շարունակական ներկայութեամբ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ Աստուած մեր բոլորին տայ այն ուժը եւ գիտակցութիւնը, որ բոլորս մեր կարողութիւններով եւ մեր կարելիութիւններով ծառայենք մեր ժողովուրդին ու փորձենք մեր լաւագոյնը ընել, որպէսզի մանաւանդ հայ դպրոցը ըլլայ իր բարձրութեան վրայ եւ իր պատասխանատուութեամբ մեր կեանքը աւելի քաղցրացնէ եւ յաւերժացնէ: