Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ հինգշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Ռաուտայի մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան: Ան խօսեցաւ տօներուն եւ աւանդութիւններուն կարեւորութեան մասին` եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ: Քահանայ հայրը բացատրեց, թէ իւրաքանչիւր տօն մեզի պատգամ մը ունի փոխանցելիք` օրինակներ տալով Ս. Հռիփսիմէի կեանքէն:
Ուրբաթ, 20 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն: Այնուհետեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սուրբերու բարեխօսութեան ու մասունքի կարեւորութեան եւ անոր հանդէպ յարգանքին: Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ սուրբ կը կոչենք մարդոց եւ յորդորեց ներկաները սուրբերու օրինակով ներշնչուելու, որպէսզի յաւիտենական կեանքի արժանանան:
Երկուշաբթի, 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով խունկի օրհնութեան արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ․ «Հակառակ իրենց ազնուական ծագումին Հռիփսիմեանք հրաժարած էին կեանքի ճոխութիւններէն եւ իրենց կեանքը ընծայած էին Աստուծոյ փառաբանութեան նուիրական գործին»։ Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը կեանքի դժուարութիւններուն դէմ յանդիման կանգնեցան եւ նոյնիսկ մահը դիմագրաւեցին, սակայն իրենց հաւատքի զօրութեամբ յաղթական դուրս ելան իրենց ապրած տագնապին մէջէն: Սրբազան Առաջնորդը ըսաւ, որ Հռիփսիմեանց տօնին առիթով պարտինք նաեւ աղօթել, որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ հասնինք կեանքի այն կատարելութեան, որուն հասած էին իրենք, եւ որուն կը հրաւիրէ մեզ Քրիստոս:
«Քրիստոնեային կեանքը պատահականութեամբ չի զարգանար եւ չի յառաջանար: Քրիստոնեային կեանքը պայքար է այս աշխարհին մէջ. պայքար` ի խնդիր մեր նկարագիրի պաշտպանութեան, պայքար` ի խնդիր կեանքին մէջ սրբութիւններ պահելու եւ պայքար` ի խնդիր այն բոլոր արժէքներուն, որոնք մեզի կու գան հաւատքի ճամբով», շեշտեց Շահէ Եպս․ Փանոսեան` հաստատելով, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը օրինակ էին ուրիշներուն համար եւ առաջնորդութիւն` բոլոր անոնց համար, որոնք կեանքը կը ջանան ապրիլ հաւատքի զօրութեամբ:
Սրբազան Հայրը նաեւ նկատել տուաւ, որ մենք տկարացած ենք մեր հաւատքին մէջ ու պարպուած ենք հաւատքի զօրութենէն եւ այն քաջ նկարագիրէն, որոնցմով օժտուած էին Հռիփսիմեանց կոյսերը, նաեւ բոլոր սուրբերը, որոնք հաւատքի համար նախընտրեցին մահը եւ նահատակութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերու նշխարհներուն դիմաց աղօթենք, որպէսզի անոնք բարեխօս ըլլան մեզի եւ անոնց միջնորդութեամբ Աստուած բնակի մեր սրտերուն մէջ ու առաջնորդէ մեզ, որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ կարենանք դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները:
Աւարտին Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով կատարուեցաւ խունկի օրհնութիւն, որմէ ետք առաջնորդ սրբազան հայրը պահպանիչով փակեց պատարագը: