Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 25 դեկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ իր 45-ամեայ ծառայութեան աւարտին հրաժեշտի պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը օրինակ բերաւ Մատթէոսի աւետարանի 9-րդ գլուխին մէջ գրուած դրուագ մը, որ նախ մեզի կը յիշեցնէ, թէ ան, որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է սիրէ նաեւ անոր ստեղծագործութիւնը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Աստուծոյ պատկերը կրող մարդը, աւելցնելով, որ ինքզինքնիս ճանչնալու եւ ինքզինքնիս ըլլալու համար նախ պէտք է նայինք մեր շրջապատին եւ այդ շրջապատէն ներս մեր տեղն ու դերը ճշդենք, նաեւ պէտք է միշտ յիշենք, որ Քրիստոս հեռուէն չդիտեց կեանքը, այլ իբրեւ ճշմարիտ մշակ` ան մեզի հետ ապրեցաւ եւ մեր գործերը ուղղելու, մեր կեանքին սրբութիւն բերելու, մեր գոյութիւնը իմաստաւորելու եւ աշխարհէն ներս Աստուծոյ համար անկիւն մը պատրաստելու ծրագիրով մեզի առաջարկեց իր օրինակին հետեւիլ: Սրբազան Հայրը նաեւ դիտել տուաւ, որ դրուագին ընդմէջէն պէտք է սորվինք, որ երբեմն Աստուծոյ ձայնը պէտք է արձագանգէ մարդոց սրտերուն մէջ, որպէսզի կեանքին մէջ նաեւ յայտնուին մարդիկ, որոնք իրենց ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն ընդմէջէն կրնան զԱստուած արտայայտել: Սրբազանը շեշտեց, որ կեանքին մէջ բաներ կան, որոնք իբրեւ արժէք ու սրբութիւն` պէտք է պաշտպանուին, եւ այդ պաշտպանութիւնը պիտի կատարեն անոնք, որոնք Քրիստոսի օրինակին նայելով` իրենց կեանքին համար պիտի ընտրեն ծառայութեան ուղին ու հետեւին անոր քայլերուն: Այո՛, մասնաւորաբար մեր ժամանակներուն, հասարակաց օգուտին համար քրտնելու պատրաստակամութիւն ունեցողներուն թիւը քիչ է եւ, հետեւաբար, մասնաւորաբար այսօր պէտք է աղօթենք, որպէսզի մեր ընկերութեան մէջ արժէքն ու արժէքաւորը չզոհուին:
«Պէտք է աղօթենք, որպէսզի մեր ժողովուրդն ալ կերպարանափոխուի, մեր ալ փորձառութեան մէջ ստեղծուի հոգեւոր կեանք ու բարոյական ամրութիւն: Եւ այդ վիճակին հասնելու համար պարտինք աղօթել եւ մեր ունեցած ուժն ու կարողութիւնները ի սպաս դնել ի խնդիր մեր նմանին, որպէսզի սրբագրուին մեր ընկերութեան մէջ ապականութեան հետքերը եւ մեր միջավայրէն վերանայ տառապանքը», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` դիտել տալով, որ մեր եկեղեցին այսօր առաւելաբար կը տառապի գիտակից եւ յանձնառու մշակներու բացակայութեան պատճառով: Մեզի պէտք են դպրապետներ, երգչախումբի վարիչներ, հոգեւոր դաստիարակներ, տիպար քարոզիչներ եւ ուժեղ բազուկով իրենց հօտը առաջնորդող հոգեւոր հովիւներ, իսկ այս բոլորը երկինքէն պիտի չյայտնուին, այլ պէտք է պատրաստուին մեր եկեղեցիներուն մէջ, համատեղ ջանքերով ու հաւաքական ճիգով:
Անդրադառնալով Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանի վաստակաշատ 45 տարիներու հովուական ծառայութեան, որ կը փակէ հրաժեշտի ս. պատարագով, Սրբազանը բացատրեց, որ հոգեւորականին կեանքը հոգեւոր զինուորութիւն է, որ մնայուն է եւ ոչ պայմանական ու պարագայական վիճակ: Այդ հասկացողութեամբ, եկեղեցականին տրուած հանդերձանքը օրհնութեամբ կը յանձնուի, որպէսզի զայն կրողը, բարիին պատերազմը մղելով, ցկեանս մաքուր վիճակի մէջ պահէ իր կեանքին ընթացքը` միշտ յիշելով, որ աշխարհէի վրայ, Աստուծոյ համար ինք կարեւոր յենարան է: Սրբազանը բարձր գնահատեց թեմի կեանքին մէջ քահանայ հօր ունեցած 45 տարիներու նուիրեալ ու տոկուն վաստակը, յիշեցնելով, որ ծառայելը հոգեւորականի կեանքին փառքն է:
«Վստահաբար ձեզի հետ կը տանիք թեմիս կեանքին մէջ ու այս եկեղեցւոյ ծխային փորձառութեան մէջ կերտուած տարիներու յուշերն ու անջնջելի յիշատակներ, որոնց մէջ ներկայ են բոլոր այն դէմքերը, որոնք աշխատանքի դաշտին մէջ եղան գործակիցներ, այս եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտուեցան, այս կամարներուն տակ իրենց աղօթքի մրմունջները Աստուծոյ յանձնեցին, այստեղ կնքեցին իրենց ընտանեկան ուխտը եւ այստեղէն հրաժեշտ առին կեանքէն», ըսաւ Սրբազանը` աղօթելով, որ իբրեւ եկեղեցւոյ հաւատաւոր ծառայ ու սպասաւոր, իր սիրելիներուն ու հարազատներուն սէրն ու յարգանքը վայելելով` ապրի երկար եւ նաեւ արժանանայ արդարութեան պսակին:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկայ հաւատացեալները աղօթելու, որ իրենց կեանքին մէջ առատանան սիրոյ, հաւաքական գործակցութեան, ծառայութեան, բարեգործութեան ու նուիրումի արարքները, Հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան յարատեւութեան համար, Աստուած ուղիղ, պարկեշտ, անխոտոր, գործով ու նկարագրով անբասիր հովիւներ ղրկէ մեզի, որոնք հաղորդիչը դառնան Աստուծոյ խօսքին ու զօրութեան, սերունդէ սերունդ Հայ եկեղեցւոյ խորանին վրայ մնան անոնք, որոնք հաւատքով զօրեղ են, մտքով անսասան ու, անկասկած, ընդունակ ամէն տեսակ զոհաբերութեան եւ ոչ մէկ բանի դիմաց ընկրկող, եկեղեցւոյ զանգը կարենայ շարունակաբար լսելի դառնալ մեր ժողովուրդին ու պաշտամունքի հրաւիրել հաւատացեալը, արթնցնել քունի անցածները, թմրածներուն եռանդ ներշնչել, յուսալքուածներուն յոյս պարգեւել, մոլորեալները սթափեցնել ու մարող լապտերներուն իւղը նորոգել, եւ վերջապէս` աղօթելու, որ Աստուած մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն նօսրացած շարքերը նորոգէ ու ճոխացնէ, որպէսզի մենք կարենանք մեր եկեղեցիներուն մէջ շարունակաբար գոհութիւն եւ փառք տալ Ամենակալին, որ միշտ իր անուան զօրութեամբ առիթ կ՛ընծայէ, որ մեր հայրերուն հաւատքն ու նուիրական սրբութիւնները պահենք հայ ազգի պայծառութեան համար:
Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ սոյն պահը իրեն համար ուրախութեան եւ յուզումով լեցուն պահ մըն է, աւելցնելով, որ ինք հանգստեան պիտի կոչուի, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ պիտի հեռանայ հաւատքի սեղանէն, աղօթքէն, Աւետարանէն, այլ առաւել եւս պիտի մօտենայ անոնց, որովհետեւ աւելի ժամանակ կ՛ունենայ հասկնալու եւ փառաբանելու Տէրը: Քահանայ հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց իր 45 տարիներու ծառայութեան եւ իր կատարած իրագործումներուն ու շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին` իրենց վստահութեան համար:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնեալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի եւ գնահատանքի հանդիսութիւն: Այս առիթով եկեղեցւոյ թաղականութեան խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Եսայեան, նաեւ սրտի խօսքեր արտասանեցին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, որոնք բարձր գնահատեցին Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանի 45-ամեայ ծառայութիւնը եւ ծուխի ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր: Աւարտին թաղականութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ քահանայ հօր: