Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, հոգեւորականներու, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ներկայ ու նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, Ճիւնիի քաղաքապետին եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետին, մարզական, կրթական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու, նաեւ Ճիւնիի գերեզմանատան բարերար ընտանիքի անդամներ` Ժանին, Քլոտին եւ Անտրէ Ապտել Մեսիհի, շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ճիւնիի ազգային գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ նորակառոյց մատրան խաչքարի օծում եւ յայտարարուեցաւ նոր դամբարաններու կառուցման մասին:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, արաբերէնով խօսք առաւ գերեզմանատան շինարարարական աշխատանքներու պատասխանատու եւ Ազգային վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան նկատել տուաւ, որ գերեզմանատան բարեզարդման ծրագիրը իրականացաւ բարի ձեռքերու միջոցով եւ գործադրուեցաւ ու կիրարկուեցաւ մեծ գուրգուրանքով եւ հաւատքով, աւելցնելով, որ այս աշխատանքը փաստ է կտակի մը յարգանքին, որ բխած է մեծ սիրող ու հաւատացեալ սրտէ մը եւ շարունակուած` իր զաւակներուն միջոցով, որոնք իրենց ծնողքէն ժառանգած են` հաւատարմութիւն, առատաձեռնութիւն եւ զանազան բարձր արժանիքներ:
Րաֆֆի Կէօվօղլանեան անդրադարձաւ սոյն գաղափարի յղացման, որուն պատճառն էր Ապտել Մեսիհ ընտանիքի դամբարանին գոյութիւնը սոյն գերեզմանատան մէջ, երբ Անթուան Ապտել Մեսիհ փափաքեցաւ յաւերժացնել իր կնոջ` Յասմիկ Եանիքեանի յիշատակը, որ 2020-ին մահացաւ: Ան սկսաւ ծրագրումի աշխատանքներուն եւ շինարարական արտօնութեան գործընթացին, սակայն նախքան աշխատանքի սկսիլը, 2021-ին ան կնքեց իր մահկանացուն` իր զաւակներուն ձգելով կտակ մը, որ շարունակեն իր նախաձեռնած աշխատանքը: Իր երեք զաւակները` Ժանին, Քլոտին եւ Անտրէ, շարունակեցին իրենց հօր ծրագիրը` ամբողջականօրէն փաստելով իրենց ունեցած մեծ սէրն ու յարգանքը` իրենց ծնողքին հանդէպ, նաեւ յարգանքը իրենց հայրական կտակին, իրենց առատաձեռնութեամբ շրջանցելով բոլոր կանխատեսուած դժուարութիւններն ու հաշիւները:
Ան ըսաւ, որ իբրեւ ընտանիքի ներկայացուցիչ` Քլոտին Ապտել Մեսիհ մօտէն հետեւեցաւ ծրագիրի գործադրութեան եւ քանի մը օր առաջ` երեքշաբթի, 16 ապրիլին, որ կը զուգադիպի իրենց ամուսնութեան տարեդարձին, Անթուանի եւ Յասմիկի աճիւնները փոխադրուեցան հոս գտնուող իրենց գերեզմանին մէջ: Րաֆֆի Կէօվօղլանեան յարգանքի եւ մեծարանքի խօսք ուղղեց սրբազան հօր` այս աշխատանքին մնայուն կերպով մօտէն հետեւելուն համար, նաեւ իր տուած բոլոր ցուցմունքներուն եւ թելադրանքներուն` իր յաճախակի այցելութիւններու ընթացքին: Ան նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ճիւնիի քաղաքապետութեան, յատկապէս քաղաքապետ` Ժուան Հպէյշի, որոնք հողաշերտի սեփականատէրն են եւ ստորագրած են շինարարական արտօնագրի թղթածրարին վրայ եւ մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնին հայ համայնքին: Ր. Կէօվօղլանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանին, որ Հայաստանէն իր ճիգերով բերել տուաւ հայկական խաչքար մը՝ տուֆ քարի վրայ փորագրուած, որ յատուկ այս առիթին համար պատրաստուեցաւ եւ զետեղուեցաւ մատրան խորանին վրայ:
Րաֆֆի Կէօվօղլանեան ըսաւ, որ նախախնամութեան կամքով սոյն խաչքարի զետեղումը եւ օծումը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման109-ամեակին, նոյն այն ժամանակաշրջանին, երբ ազերիները ծայրայեղօրէն կը սրբապղծեն հարիւրաւոր խաչքարեր, մատուռներ եւ եկեղեցիներ Արցախի մէջ` ի զուր փորձեր կատարելով պատմութիւնը խեղաթիւրելու եւ այդ տարածքին պատկանելիութեան իրականութիւնը ծածկելու, մոռնալով, որ որեւէ իրաւունք չի կորսուիր, երբ անոր ետին կայ պահանջատէր ժողովուրդ:
Այնուհետեւ բարերար ընտանիքին անունով խօսք առաւ Քլոտին Ապտել Մեսիհ: Նախքան իր խօսքը` ան իր մօտ հրաւիրեց բոլոր անոնք, որոնք անցնող երկու տարուան ընթացքին իրենց կողքին էին եւ օժանդակեցին գերեզմանատան աշխատանքներուն:
Ան անդրադարձաւ իր ծնողքին, հօր` Անթուանին, որ յոյն կաթողիկէ համայնքին կը պատկանի, եւ մօր` Յասմիկին, որ հայ առաքելական է, թէ ինչպէ՛ս անոնք պսակուելով` համերաշխ ընտանիք մը կազմած են, եւ Յասմիկին մահէն գտք, Անթուան ուզած է անոր համար դամբարան մը կառուցել Ճիւնիի գերեզմանատան մէջ, որ իր տան մօտ է, որպէսզի կարենայ միշտ այցելել. ան հանդիպում ունեցած է պատասխանատուներուն հետ եւ ապա` սրբազան հօր հետ, եւ իր փափաքը յայտնած է վերանորոգելու եւ բարեզարդելու գերեզմանատունը, նաեւ` իրենց ընտանիքին համար դամբարան մը շինելու, սակայն «Քորոնա» համաճարակին պատճառով մահացած է նախքան աշխատանքներու ձեռնարկելը: Հետեւաբար իր երեք զաւակները որոշած են աշխատանքը իրականացնել` համաձայն իրենց հօր կտակին եւ իրենց ծնողքին յիշատակին:
Քլոտին Ապտել Մեսիհ շնորհակալական խօսք ուղղեց առանձին-առանձին բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին գերեզմանատան շինարարական աշխատանքներուն, յատկապէս` սրբազան հօր, որ հետեւողականօրէն հետապնդեց աշխատանքի ընթացքը եւ իր ամբողջական վստահութիւնը տուաւ:
Ապա Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ սոյն համախմբումը համարեց խորհրդանշական իմաստ ունեցող առիթ մը, աւելցնելով, որ մէկտեղուած ենք Ճիւնիի տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող գերեզմանատան մէջ` նորակերտ մատրան եւ խաչքարի օծումին ու Ապտել Մեսիհ ընտանիքին իշխանական նուիրատուութեամբ նոր հաստատուած դամբարաններու եւ ընդհանուր բարեկարգումներուն ծանօթանալու: Ան նկատել տուաւ, որ շատերու համար անսովոր, թերեւս խորթ եւ տարօրինակ առիթ մը ըլլայ սոյն հանդիպումը, բայց, ըստ էութեան, նիւթականէն ու շինարարական աշխատանքներէն անդին , քրիստոնէական սիրոյ եւ հայու երախտագիտութեան արտայայտութեան դրսեւորումին նշումն է, որ կ’ուզենք կատարել այսօր:
Ան ըսաւ, որ, հանգուցեալ Յասմիկի յիշատակին իր ամուսինը` Անթուան, լքուած վիճակի մէջ տեսած գերեզմնատան բարեզարդման ծրագիրը յղացաւ ու պատրաստակամութիւն յայտնեց շինարարական բոլոր ծախսերը հոգալու, սակայն դժբախտաբար աշխատանքը չաւարտած` Անթուան հեռացաւ այս կեանքէն, ու իր զաւակները` Ժանին, Քլոտին եւ Անտրէ, հաւատարիմ մնալով իրենց հօր կտակին եւ ծնողքի յիշատակին, յանձն առին շարունակել աշխատանքը, հետեւիլ ծրագիրի գործադրութեան եւ այսօր մեզի հետ ըլլալով` բաժնեկցիլ իրագործուած աշխատանքէն բխող մտածումները:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը ընտանիքի ամրութեան, սիրոյ եւ միասնականութեան օրինակ է, դիտել տալով, որ մեկնողներուն յիշատակը յաւերժացնելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու, մոռացութենէն փրկելու եւ այլոց օրինակ դառնալու փաստ, որ լաւագոյն ձեւով իր արտայայտութիւնը կը գտնէ այսօր, իսկ երկրորդ` երախտագիտութեան իմաստ ու արժէք: Հետզհետէ տարածուող մակերեսայնութեան, ինքնամոռացման եւ անհատակեդրոնութեան այս օրերուն որքան գեղեցիկ է եւ զգաստացնող Ապտել Մեսիհ ընտանիքին այս նախաձեռնութիւնը` իրենց ծնողներուն գործը շարունակելու, անոնց հանդէպ երախտագիտութիւն արտայայտելու եւ այդ երախտագիտութիւնը դնելու յատկապէս ազգային մեր կարիքներուն ի սպաս:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ` «Ընտանեկան մէկութեան եւ երախտագիտութեան գիտակցութեան ու ազգային ծառայութեան վսեմ գաղափարներ յիշեցնելու եւ այս բոլորը վարակիչ դարձնելու յոյսով է, որ այսօր կը հանդիպինք հոս, ոչ ուրախ միջավայրի մէջ, սակայն` անպայմանօրէն դաստիարակիչ, յուզող եւ արժէքներու հաւատալու կամքը վերակենդանացնելու ձգտող մտածումներով»: Աւարտին, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հանգուցեալ Անթուան եւ Յասմիկ Ապտըլ Մասիհի զաւակներուն՝ Ժանինին, Գլօտինին եւ Անտրէին, որոնք իրենց ծնողքին յիշատակը անմահացնելով իրագործեցին այս ծրագիրը։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ յուշատախտակի քոզազերծում, ապա, ձեռամբ Սրբազան Հօր կատարուեցաւ նորակերտ մատրան խաչքարին օծումը: