Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 8 մայիսին նշուեցաւ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ճիւնիի ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Սրբազան Հօր, որմէ ետք թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Պատարագի ընթացքին դպրաց աստիճան ստացան` Միհրան Մարկոյեան, Նշան Սվաճեան, Յակոբ Արուշեան, իսկ կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան Գեղամ Սարգիսեան եւ Արմէն Պեքերեճեան: Ձեռնադրութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Զատիկին յաջորդող երրորդ կիրակին մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ կոչուած է Կարմիր Կիրակի, որ այլաբանական բացատրութեամբ, նախ կը խորհրդանշէ մարդու փրկութեան եւ իր եկեղեցւոյ հաստատութեան համար Քրիստոսի թափած արիւնը: Սրբազանը կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ «Կարմիր Կիրակի» անուանումին եւ ըսաւ, որ անիկա մեզի կը բերէ յիշատակը բիւրաւոր այն մարտիրոսներուն, որոնք հալածանքի եւ մահուան պայմաններուն մէջ ալ մնացին աներկիւղ եւ իրենց արեան հեղումով իրենց կեանքը մօտեցուցին Քրիստոսի կողմէ ճշդուած սրբութեան չափանիշներուն, նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին մեր Տէրը մարդոցմէ կազմեց իր եկեղեցին, նաեւ կը յիշեցնէ, որ ամէն մարդ ճամբայ կ՛ելլէ կեանքին մէջ բարձրանալու ու յաջողութեան հասնելու երազանքով, սակայն բոլորը տեղ չեն հասնիր: Շատեր պարտուած կ՛իյնան ճամբու ընթացքին որովհետեւ մարդկայնօրէն մեր շինել ուզածը անպայմանօրէն կարելի չէ իրականացնել առանձինն: «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհելով` կրնանք մեր կեանքէն դուրս վանել վհատութեան եւ երկչոտութեան զգացումները: Եւ Աստուած ոչ միայն կը պաշտպանէ մեզ, այլեւ մեր անկումներէն մեզ վեր բերելով` Իր յաւիտենական փառքին կը տանի», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, թէ ի՛նչ ալ ըլլան մեր կեանքին պայմանները, աշխարհը միշտ ալ պէտք ունի երկնային օժանդակութեան: Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ Աւետարանով Յիսուս կանոնագրութիւն մը չի տար մեզի, այլ պարզապէս իր կեանքին օրինակը թելադրելով` մեզի կ՛առաջարկէ, որ այս աշխարհէն ճամբայ ելլելով` Աստուծոյ առաջնորդութեամբ քալենք, որպէսզի հասնինք հոգեւոր եւ յաւիտենական այն աշխարհին, որ մերն էր:
Խօսքը ուղղելով ընծայեալներուն` Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ ձեռնադրութեամբ իրենց տրուած պարտականութիւնները փոքր բաներ են, սակայն անոնք կշիռ ունեցող արժէքներ են, որովհետեւ զանոնք կը ստանան Աստուծոյ եկեղեցւոյ մէջ եւ Աստուծոյ հզօր բազուկին դիմաց խոնարհելով, աւելցնելով, որ պէտք է հաւատարիմ ըլլան իրենց տրուած քիչին հանդէպ եւ Աստուծոյ տան սպասաւորութեան գործին մէջ, սեփական նուիրումով զայն աճեցնեն եւ այդպիսով հասնին նաեւ մեծ պարտականութիւններու ու պատիւներու:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: