Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ճիւնիի ՀՄԸՄ-ի ակումբին կից արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր:
Իր քարոզին սկիզբը Սրբազանը ուրախութեամբ յայտնեց, թէ փետրուար ամսուն խնդրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսէն, որ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին շնորհէ «Աւագ»-ութեան տիտղոս` առ ի գնահատանք քահանայ հօր երկար տարիներու նուիրեալ սպասաւորութեան, եւ վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով իր խնդրանքին, ուղարկած էր սրբատառ կոնդակ: Սրբազանը կարդաց կոնդակին բովանդակութիւնը եւ զայն յանձնեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին:
Իր քարոզին մէջ Սրբազանը, լուսարձակի տակ առնելով Յովհաննէս առաքեալի հետեւեալ խօսքը, թէ` «Կեանքը մարդոց համար լոյսն է, որ խաւարին մէջ կը փայլի, բայց մարդիկ չկրցան հասկնալ զայն», յայտնեց, թէ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոյգ խորհուրդներով լեցուն ապրիլ ամսուան այս վերջին կիրակիին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ յիշեալ խօսքերը իբրեւ առաջնորդող մտածում կը յաճախեն մեզի: Ան ըսաւ, որ Յովհաննէս առաքեալ մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ լոյսին վրայ, եւ այդ լոյսը առաւել իմաստալից կը դառնայ այսօր, որովհետեւ անիկա կը ճառագայթէ Քրիստոսի լուսեղէն գերեզմանէն, կը հասնի մեր սուրբ նահատակներուն լոյս յիշատակին` լուսաւորելով ո՛չ միայն մեր ներկան, այլ նաեւ մեր բովանդակ կեանքը: Սրբազանը բացատրեց, որ աւետարանիչը պարզ, երեւելի եւ ֆիզիքական լոյսի մասին չի խօսիր, այլ կը խօսի այն լոյսին մասին, որ որպէս Աստուած աշխարհ եկաւ` աշխարհը լուսաւորելու համար, սակայն որովհետեւ մարդիկ խաւարի մէջ էին, եւ շատեր խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին` չընդունեցին, չհասկցան եւ չգնահատեցին այդ լոյսը: «Մենք մեր մարդկային դրութեամբ միշտ ենթակայ ենք խաւարի փորձութեան, որքան ալ փափաքինք լոյսի վայելքին մէջ գտնուիլ, սակայն մէկ միջոց ունինք` դառնալ Աստուծոյ եւ ընդունիլ այդ լոյսը եւ անով առաջնորդուիլ, որպէսզի խաւարը միանգամընդմիշտ փարատի մեր կեանքին մէջ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոս այս պատգամը իր կեանքով ցոյց տուաւ, իր մահով յաղթեց մահուան, իր լոյսով փարատեց խաւարը յաւիտենապէս, որպէսզի մենք այդ լոյսը, յաղթանակը, սրբութիւնը վայելենք որպէս հայ քրիստոնեաներ: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի լոյսը սիրելի եղաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին` աւելցնելով, որ քրիստոնէութեան առաջին 5 դարերը հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար եղան լոյսը փնտռելու, գտնելու եւ անոր հետեւելու վճռորոշ դարեր: Անկէ ետք, մեր ժողովուրդը չմոլորեցաւ լուսաւոր ճամբէն եւ Քրիստոսի լոյս հաւատքին հետեւելէն: Առաջնորդը ըսաւ, որ մեր առաջին լուսաւորիչները` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներ, մեր հաւատքի հայրը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, մեր այբուբենի գիւտարարը` Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, բարեգործութեան տիպար` Ս. Ներսէս հայրապետ եւ անոնց յաջորդող մեր բոլոր հայրապետներուն, սուրբերուն եւ հերոսներուն հոյլը կոչուեցան լուսաւորիչներ` հոգիի, միտքի եւ սիրտի լուսաւորիչ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր ժողովուրդին իմաստութիւնը պատահականօրէն տիտղոսներ չի շնորհեր մարդոց` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը ապրեցաւ այդ լոյսի փորձառութիւնն ու կեանքը, եւ այդ լոյսը պարգեւողները լուսաւոր հաստատումներով կապեց իր կեանքին ու անմահութեան: «Քրիստոսի լոյսը մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար դարձաւ հայ մշակոյթ, հայ ճարտարապետութիւն, հայ շարական, հայ գիրք, հայ հոգեւոր բարոյական արժէքներ», հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս` շեշտելով, որ այսօր եւս մենք հրաւիրուած ենք անդրադառնալու այս ճշմարտութեան, ոչ թէ որպէսզի մեր պատմութիւնը վերյիշենք, այլ ապրինք այդ պատմութեան կշռոյթով եւ պատգամով: Սրբազանը ըսաւ, որ մենք միայն հպարտ պէտք չէ ըլլանք, որ հայ քրիստոնեաներ ենք, այլ այդ հպարտութիւնը կեանքով պէտք է թարգմանենք, որպէսզի Քրիստոսի լոյսը ճառագայթէ մեր մէջէն եւ ոչ թէ մենք մեր փառքը հիւսենք իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդի զաւակներ: «Քրիստոնէութիւնը կեանք է, քրիստոնէութիւնը լոյս է: Կեանքը կ՛ապրինք, լոյսը կը ճառագայթենք, եւ այդ կը դառնայ հայ քրիստոնեայի ամէնօրեայ վկայութիւնը», շեշտեց Սրբազանը եւ, եզրափակելով իր խօսքը, գնահատեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները, որոնք եկեղեցին իրենց կեանքով եւ մասնակցութեամբ եկեղեցի կը դարձնեն մեր հաւաքական կեանքին մէջ, շնորհաւորեց Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանը, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ճամբով իր հայ հոգեւորականի ծառայութիւնը կը մատուցէ Լիբանանի հայոց թեմին, եւ մաղթեց, որ մեր կեանքի լոյսով մենք լուսաւորենք մեր եկեղեցիները, եւ եկեղեցի-ժողովուրդ որպէս մէկ ամբողջութիւն շարունակենք մեր հայ քրիստոնեայի կեանքը եւ առաքելութիւնը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ «Ալ Սարայ» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան նկատել տուաւ, որ թաղական խորհուրդներու առաքելութեան եւ աշխատանքային գործադաշտին գլխաւոր առանցքներէն մէկը կը հանդիսանայ համապատասխան եկեղեցիներու եւ յարակից բաժիններու բարեզարդումն ու ծաղկումը. առ այդ, անցնող տարուան ընթացքին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յաջողած է իրագործել եկեղեցւոյ մկրտարանի վերանորոգման ծրագիրը եւ բարելաւել պարտէզին պարզած վիճակը: Յ. Մեսրոպեան շնորհակալական խօսք ուղղեց մկրտարանի բարերար Սօսի Մենտիլեանի, որ սիրայօժար ստանձնեց շինարարական ծախսը: Յ. Մեսրոպեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին` հոգեւոր հայրերուն, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց եւ սարկաւագաց դասուն` իրենց անձնուէր եւ անսակարկ ծառայութեան համար, նաեւ բոլոր բարերարներուն, գաղութի պատկան մարմիններուն եւ միութիւններուն եւ Ազգային իշխանութեան մարմիններուն: Ան շնորհաւորեց Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանը «Աւագ»-ութեան տիտղոսին արժանանալուն ուրախ առիթով` հաստատելով, որ, հակառակ քահանայ հօր համեմատաբար երիտասարդ տարիքին, անոր բեղուն գործունէութիւնը եւ թեմական մակարդակի վրայ ստանձնած լայնածիր պատասխանատուութիւնները անվարան զինք արժանի դարձուցին «Աւագ»-ութեան աստիճանի բարձրացման: Եզրափակելով իր խօսքը` Մեսրոպեան երախտագիտական խօսք ուղղեց Սրբազան Հօր, որ իր մնայուն գուրգուրանքով մօտէն կը հետեւի թաղականութեան աշխատանքներուն:
Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը իր հանգիստ ու նեղ օրերուն, իր տառապանքի, հալածանքի կամ հանգիստ պայմաններու մէջ իր հոգիին ու մտքին մէջ ամրօրէն պահած է իր մեծ հաւատքը եւ այս ձեւով հիմնած է իր հաւատքի տունը` եկեղեցին եւ փորձած է սերունդէ-սերունդ զայն հաստատօրէն փոխանցել իր յաջորդներուն» աւելցնելով` որ այս պատճառով դարերու ընթացքին ճիգ չէ խնայուած հաստատ պահելու մեր այս հաւատքի մեծ կառոյցը: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցին փոքր է կառոյցով, սակայն մեծ է անոր առաքելութեան դաշտը` աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան յիշատակումը գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է, եւ այսօր սրբազան հօր Ճիւնիի շրջան այցելութեամբ աւելի կը քաջալերուին եւ կ՛ամրապնդուին առաւել ծառայելու ժողովուրդին: Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ ըսաւ, որ Քրիստոսի յարութեան յաջորդող` այս Կանաչ կիրակին մշտադալար պիտի մնայ իր քահանայական ծառայութեան մէջ, որովհետեւ արժանացաւ «Աւագ»-ութեան տիտղոսին եւ խաչի ոգիով ու տեսիլքով առաւել հաւատքով ու սիրով պիտի շարունակէ ծառայել այն առաքելութեան, որուն կոչուած էր 17 տարիներ առաջ: Խօսքը ուղղելով Սրբազան Հօր` ան ըսաւ. «Ձեր անձնուրաց յանձնառութեամբ ու նուիրուածութեամբ լաւագոյն խթանը կու տաք մեզի, որպէսզի բանիւ ու գործով մեր Տիրոջ փառքը հիւսողները ըլլանք` ի պայծառութիւն Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ ի յառաջդիմութիւն հայ ժողովուրդին»:
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը բնականօրէն տօնն է այդ ծուխի հաւատացեալներուն: Հայկական աւանդութեան համաձայն, մենք հոգեւոր սնունդ ստանալէ ետք` Ս. պատարագով եւ մատաղօրհնութեամբ, կը հաւաքուինք սիրոյ սեղանին շուրջ, որպէսզի գործնականօրէն արտայայտենք, թէ բոլորս ալ նոյն ընտանիքի զաւակներն ենք: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս զգացումներով եւ այս աւանդութեան հաւատարմութեամբ իրարու հետ ենք: Ան բարձր գնահատեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ երեք քահանայ հայրերուն եւ մեծ ընտանիքին գործուէութիւնը` դիտել տալով, որ անոնք զանազան միջոցներով եկեղեցւոյ պայծառութիւնը կ՛երաշխաւորեն եւ իրենց ամէնօրեայ մասնակցութեամբ եկեղեցին կենդանի ներկայութիւն կը դարձնեն: «Երբ եկեղեցի կ՛ըսենք, մենք կը հասկնանք մեր ժողովուրդը իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Եկեղեցին տեղ մը չէ, որ պարբերաբար յատուկ առիթներով կ՛երթանք, այլ պէտք է Աստուծոյ եւ իրարու հետ ըլլալու խորհուրդը ամէն օր ապրինք մեր կեանքին մէջ, եւ երբ կիրակի եկեղեցի երթանք, պէտք է տօնենք իրարու եւ Աստուծոյ հետ ըլլալու օրհնեալ առիթը», շեշտեց Սրբազանը` աւելցնելով, որ անուանակոչութեան տօնը այդ սկզբունքին արձագանգն է մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ զայն պէտք է ամէն օր տօնենք մեր աղօթքով, մեր ազգային, հոգեւոր մշակութային արժէքներու ու աւանդութիւններու կապուածութեամբ, եւ այն ատեն եկեղեցին եկեղեցի կը դառնայ մեր բոլորին մասնակցութեամբ: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը աղօթեց, որ այս գիտակցութիւնը վերարթննայ մեր ժողովուրդին մէջ, եւ ան խորապէս գիտակցի, որ մենք մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան` մեր եկեղեցիով, մեր դպրոցով, մեր ընտանիքով, մեր հայրենիքով, մեր կառոյցներով մեր ինքնութիւնը պահած, պահպանած եւ ծաղկեցուցած ենք: Ան ըսաւ, որ այսօր թերեւս աւելի դժուար պայմաններու մէջ նոյնը պէտք է ընենք` նոր կապուածութեամբ եւ նոր յանձնառութեամբ շեշտելով, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը անցեալը մտաբերել է, եւ միեւնոյն ատեն ամէնօրեայ մարտահրաւէր եւ տագնապ պէտք է ըլլայ մեզի համար, որ մենք մեր հայեցի պատկանելիութիւնը ապրինք, ապրեցնենք ու փոխանցենք նոր սերունդին:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Լիւսի Չամսարեան` ջութակ, Գէորգ Գատէհճեան` երգ եւ Ալեքս Հալլաճեան` ասմունք: