Ուրբաթ, 28 Մայիս 2022-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը եւ աշակերտութիւնը համախմբուեցան դպրոցին շրջափակին մէջ` տօնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ տարեդարձը:
Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց իւրայատուկ ձեւով ներկայացան բակ` իրենց ձեռքերուն մէջ ամուր բռնած իրենց ձեռակերտ եռագոյնները:
Տօնակատարութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երկրորդական Ժ. դասարանէն Մարիա Խաչատուրեան. ան իր խօսքը սկսաւ Արամ Մանուկեանի «Երեւանը չենք դատարկի…» պատգամով եւ հաստատեց, որ Երեւանը ամէն գնով չդատարկելու Արամ Մանուկեաններու հաստատակամ որոշումը դարձաւ հիմնաքարը հայրենի պետականութեան կայացման: Ապա ան ըսաւ, որ 28 մայիս 1918-ը ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդի յարութիւնն էր, երբ վեց դարերու ստրկութենէ ետք, հակառակ տիրող սովին ու տարագրութեան աւերներուն,մենք ունեցանք պետականութիւն եւ վերահաստատեցինք ազգերու կողքին ազատ ապրելու մեր կամքը: Խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց` ըսելով, որ հայ ազգի ու հայ հայրենիքի ազատութեան յաւիտենական ղօղանջն է մայիս 28-ը ,հետեւաբար` գալիք սերունդները պէտք է այդ մշտատեւ զանգին ականջ դնեն` իրենց քայլերը ուղղելով դէպի ազատութեան Ճանապարհ:
Բացման խօսքէն ետք օրուան պատգամը յղեց քաղաքական մեկնաբան եւ վաստակաշատ լրագրող Արմէն Ապտալեան , որ հետաքրքրական ու մատչելի ձեւով բացատրեց անկախութեան եւ միասնակամ ուժի գաղափարը: Ան ըսաւ. «Ենթադրեցէ՛ք, որ հայ դպրոցը պետութիւն մըն է, ձեր տնօրէնութիւնը` կառավարութիւնը, ձեր ուսուցչակազմը` կառավարութեան ղեկավարները եւ դուք` ժողովուրդը: Այս դպրոցը կը գոյատեւէ բոլորին աշխատանքով.հոս իւրաքանչիւր անհատ իր իւրայատուկ դերը ունի. եթէ պատահի, որ ձեզմէ մէկը անտարբեր գտնուի եւ ծուլանայ, այդ պետութիւնը կը տկարանայ ու կը քայքայուի»: Ապա Արմէն Ապտալեան համեմատեց «դպրոց» պետութիւնը մեր հայրենիքին ու անոր ղեկավարութեան հետ եւ հաստատեց, որ մեր անկախութիւնը կերտուեցաւ հայ ժողովուրդի միասնակամ կամքով ու հաւատքով, միասնակամ ուժերով: Ան իր խօսքը աւարտեց` աշակերտներուն կոչ ուղղելով, որ բոլոր յաղթանակները այսպէ՛ս կը կերտուին,ուստի ձեռք ձեռքի, բռունցք բռունցքի տալով` պիտի յաղթահարենք գալիք բոլոր մարտահրաւէրները:
Օրուան խորհուրդի փոխանցումէն ետք միջնակարգի Է. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ մեծ ոգեւորութեամբ արտասանեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք նախակրթարանի Զ. դասարանէն չորս աշակերտներ ներկայացուցին Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»-ն:
Այնուհետեւ վարժարանի քիմիագիտութեան ուսուցիչ եւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Վիգէն Տիշչէքէնեան, ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի, փառաբանեց մայիսեան յաղթանակը` բոլոր ներկաներուն հրամցնելով հայրենասիրական ու ազգային երգերու ճոխ հաւաքածոյ մը, մինչ աշակերտները խանդավառ ու բուռն ծափերով մասնակցեցան երգերուն:
Ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտը վերջ գտաւ «Հայորդիք» երգով` հայ լեզուի ու հայոց պատմութեան արժէքը վառ պահելու խոր պատգամով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: