Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին տարբեր ժողովուրդներ ու 7000է աւելի լեզուներ, որոնցմէ 2400ը անհետանալու վտանգին մէջ կը գտնուին։
Այս թիւերը կը բացայայտեն, որ ժողովուրդին դերն ու ընելիքը շատ կարեւոր են՝ կորուստէ փրկելու համար իր մայրենին։
Մենք հպարտ ենք, որ մեր ուսուցիչները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն մայրենին մեզի սիրելի դարձնելու համար, հարստութիւն մը, որ միայն ու միայն պէտք ունի ճշգրիտ իմացութեան ու գուրգուրանքի։ Իմ մաղթանքս է, որ իւրաքանչիւր հայ գիտակից վերաբերում ունենայ իր մայրենիին նկատմամբ, գործածէ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց, տարածէ մշակոյթը իր մայրենի բարբառով։
Արիանա Սգայեան, ԺԱ. դասարան
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլէճ
———————————————————–
Մայրենի Լեզու
Մայրենի լեզու ունի ամէն մարդ, ազգ, ժողովուրդ: Մայրենին ամէն մարդու անբաժան մասն է. Թերեւս այն լեզուն է, որ ամբողջ ազգ մը կը խօսի, բայց իմ կարծիքովս այն լեզուն է, որմով մարդը կը մտածէ:
Իւրաքանչիւր ազգի համար մայրենին ի՛ր պատմութիւնն է, ի՛ր զէնքը: Մայրենի լեզուն ազգի մը գոյատեւման միա՛կ միջոցն է, ապրելու կամքն ու հպարտութեան առիթը: Մայրենին ժողովուրդի մը ինքնութիւնը բնորոշող ազդակ մըն է, անձնագիր մը: Մայրենի լեզու ունենալ՝ կը նշանակէ ունենալ գի՛ր, գրականութի՛ւն, մշակո՛յթ… Այո՛, շատ կարեւոր է, որ մարդ իմանայ օտար լեզուներ, սակայն մի՛շտ պէտք է յիշէ, որ հարազատը՝ Մայրենին է: Ինչքա՜ն գեղեզիկ կը հնչեն այդ տառերը, այդ բառերը, երբ դուն կը կարդաս, կը գրես քու մայրենի լեզուովդ: Չկա՛յ նմանը քու մայրենի լեզուիդ, ինչպէս նաեւ հայրենիքիդ: Մայրենի բառը կ’ընդգրկէ մայր արմատը, որ կեա՛նք, շո՛ւնչ, սէ՛ր, գուրգուրա՛նք կու տայ իր զաւկին: Եւ հայրենիք բառը կ’ընդգրկէ հայր արմատը, որ պաշտպանն է իր ընտանիքին: Ուրեմն՝ ինչպէս հայրդ ու մայրդ անփոխարինելի են,նոյնպէս՝ հայրենիքդ ու մայրենիդ:
Ես հպա՛րտ եմ, որ ծնած եմ հա՛յ: Ծնիլ հա՛յ հպարտութիւն է, ապրիլ եւ գոյատեւել որպէս հա՛յ՝ պարծանք: Ամէն ժողովուրդ ունի իր մայրենի լեզուն, իմ մայրենիս՝ հայերէնն է: Իբրեւ հայ պատանի, պէտք է գուրգուրանք եւ պահենք մեր մայրենի մեսրոպեան այբուբենը: Օգտագործենք, որպէս զէնք ու վահան, գրելով հայերէն, խօսելով հայերէն եւ ապրելով հայօրէն: Ճի՛շդ է, մենք՝ հայերս, ցրուած ենք: Կ’ապրինք շատ հեռու մեր հայրենիքէն, կը խօսինք ու կը յարգենք ուրիշ ազգերու լեզուները, բայց մի՛շտ կը սիրենք ու կը գուրգուրանք մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուն: Պէտք չէ մոռնանք երբե՛ք, որ մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մե՛ր մայրենի լեզուն է:
Թո՛ղ հայ լեզուն իր 38 տառերով դրոշմուած ըլլայ իւրաքանչիւր հայու մտքին մէջ, որ ո՛չ մէկ պատմական քամի կարենայ ջնջել զայն մեր շրթունքներէն: Թո՛ղ մեր մայրենի լեզուն հնչէ ամէն հայ տան մէջ, որպէսզի յաջորդ սերունդը մեծնայ եւ սնանի հայօրէն:
Ռիթա Սալլում, Ժ․ դասարան
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ
———————————————————–
Մայրենի Լեզու
Մայրենի՛լեզու, աստուածայի՜ն լեզու… Տեսլահարի մը գեղեցիկ տեսիլքն ես դուն, որ ճառագայթի նման լուսաւորեցիր մեր պատմութեան մութ անկիւնները, երբ դամոկլեան սուրը կը սպառնար մեր գոյութեան։Քու լոյսիդ տակ ու ջերմութեանդ առջեւ, հարիւր անգամ մե՛ծ եւ հազար անգամ հզօ՛ր դարձանք մենք եւ մեր հայրենիքը։ Եթէ մենք անմահացանք քեզմով,ապա մեր հայրենիքը՝ յաւերժացաւ։
Միայն բազուկով կերտուած հայրենիքը չի գոյատեւեր, այլ ժամանակի ընթացքին կը լուծուի ու կը քայքայուի։ Այո՛, առանց քեզի, Հա՛յ Լեզու, պիտի պզտիկնար,պիտի աղօտէր ու պիտի ջնջուէր Հայկո՛վ ու Հայկերո՛վ ստեղծուած մեր հայրենիքը։ Դուն ընդարձակեցիր հայրենիքին ու ազատութեան սահմանները՝ մեր առջեւ բանալով հայ մտքի ու հոգիի ստեղծագործութեան անսահման հորիզոններ,հոգեմտաւոր արժէքներու անեզր ուղիներ… Ո՜վ Մեծասքանչ՝ մտքի շտեմարան, հոգիի լոյս, քեզմէ՛ ծնունդ առին մեր գողթան երգիչները, մեր պատմութեան Խորենացիները, մեր աղօթքի Նարեկացիներն ու Շնորհալիները մեր գիրի ու գրականութեան դիւցազներգակ Վարուժաններն ու Սիամանթօները… Բի՜ւր Յարգանք ու Մեծարանք քեզի, մեր պաշտելի՛ լեզու, մեր օրօրոցի՜մեղեդի, մեր ռազմերգի՛ կոչ ու աղօթքի սուրբ լեզու։
Հրակ Մամիկոնեան, Ժ․ Դասարան
Ազգային Միացեալ Վարժարան
———————————————————–
Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան նշումը կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ մայրենի լեզուն անփոխարինելի դեր կը խաղայ մարդուկեանքին մէջ։ Մանուկ մը, որ իր առաջին թոթովանքը կը հնչեցնէ՝ մայրենի լեզուով կը կատարէ, եւ այսպէս իր աճման հետ կը շարունակուի մայրենիին հանդէպ սէրը, որ հիմնական փարոսը կը դառնայ զանազան գիտելիքներու ձեռքբերման։
Իմ մաղթանքս է, որ մեր լեզուն պահէ իր ոսկեղնիկ տառերը, ամփոփէ գրականութեան թէ պատմութեան հարուստ գանձարանը, ներշնչէ սէր ու գեղեցկութիւն, պայծառացնէ մեր միտքը եւ շարունակէ յարատեւել սերունդէ-սերունդ։
Աննա Հերկելեան, Ժ. դասարան
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլէճ
———————————————————–
Մեր Լեզուն մեր էութիւնն է
Ազգ մը պահպանելու գլխաւոր միջոցը իր լեզուն է: Ազատ հայրենիք ունեցող ազգ մը չի կրնար իր ինքնութիւնը պահել առանց մայրենի լեզուի։ Ամէն մարդ կը ճանչցուի իր մայրենի լեզուով:
Մայրենի լեզուի պաշտպանութիւնը ժողովուրդի մը արժէքներն ու աւանդութիւնները պահելու մէջ ճակատագրական դեր ունի։ Պատմութեան ընթացքին յաճախ օտար արժէքներ եւ աւանդութիւններ խուժած են մեր կեանքէն ներս. յաճախ շրջապատուած ենք այլ ազգերով, մշակոյթներով ու լեզուներով. յաճախ ենթարկուած ենք տագնապներու ու ջարդերու, բայց շնորհիւ մեր լեզուին կրցած ենք պահել մեր գոյութիւնը: Մեր լեզուն դարձած է մեր զէնքը եւ պաշտպանը, որպէսզի չձուլուինք այլ ազգերու հետ:
Իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրող հայ պատանի, ինծի համար մեծ երջանկութիւն եւ հպարտութիւն է, որ կը տիրապետեմ մայրենի լեզուիս, որովհետեւ մայրենի լեզուն մեծ դեր կը խաղայ, որ անհատի մը հոգեկան աշխարհը զարգանայ եւ նկարագիրը կերտուի: Բաւարար չէ, որ հայրենասէր ըլլանք, բայց չգործածենք մեր լեզուն: Հայ լեզուէն հեռացում կը նշանակէ հայութենէ հեռացում։ Մայրենի լեզու սորվիլն ու գործածելը ամէն մարդու իրաւունքն է: Լեզու մը կը պահպանուի եւ կը հարստանայ գործածուելով:
Հայոց լեզուն հայ ժողովուրդին մեծագոյն հարստութիւնն է: 21 Փետրուարը մեր բոլորին համար պէտք է ըլլայ վերյիշեցման օր մը հայոց լեզուն արժեւորելու, պահպանելու եւ տարածելու: Սիրենք, սորվինք, զարգացնենք մեր մայրենի լեզուն, հոգանք անոր մաքրութեան ու հարստութեան եւ ըլլանք անոր արթուն պահակները: Մեր աչքի լոյսին պէս գուրգուրանք անոր: Մենք պարտաւոր ենք փայփայել ու սիրել մեր լեզուն եւ դողալ անոր վրայ, ապա սորվինք այնքան լեզուներ, որքան որ կը փափաքինք:
Կ’ուզեմ իմ միտքերս ամփոփել Խաչատուր Աբովեանի նշանաւոր խօսքով՝ «Լեզուն, որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ նման կ’ըլլայ: Ազգը պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն է ու հաւատքը»:
Ալեակ Մկրեան , ԺԲ․ Դասարան
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ
———————————————————–
«Հայ լեզուն տունն է հայուն…» ըսած է Մուշեղ Իշխան։ Այո՛, իսկապէս հայ լեզուն մեր տունն է, քանզի 8 միլիոն հայ, որ կ’ապրի հայրենիքէն դուրս, այս լեզուին միջոցով է որ կը մնայ հա՛յ, այս լեզուին միջոցով է, որ ոսկիի նման կը շողայ օտարութեան ճահիճին մէջ ու կը ստեղծէ Նոր Հայաստան մը, երբ իրեն պէս քանիներ կը հաւաքուին մէկտեղ ու կը ստեղծագործեն հայօրէ՛ն։ Օտարամոլութեան դէմ պայքարը, զոր կը մղէ հայը այսօր՝ մեծագոյն զէնքին՝մայրենի լեզուին իմացական ու հոգեկան սպառազինութեամբ է որ կ’ընէ՝ պաշտպանելով ինքզինք ոչ միայն տասնեակ մը մարտահրաւէրներու դէմ՝ այլ մղելով գոյութեան պայքար՝ կը հաստատէ հայ ինքնութեան դարերու Յաղթանակը…
Այո, մեր Մայրենիին ափ մը ձայնանշաններուն առջեւ, ճակատագրուած են պարտուելու բոլոր ժամանակներու Շապուհները, Համիտները, Ստալինները, Ալիեւներն ու Էրտողանները… Եթէ Տէր Զօրի տաք աւազները դարձան հայ գիրերու դպրոց, հոգեկան սնունդ՝ հայ մանուկին, ապա այդ մայրերու վտիտ ու վատուժ ձեռքերով գրուած մեծասքանչը չի մեռնի՛ր, այլ կ’անմահանայ …Կ’անմահանայ, որովհետեւ անմահացուց մահուան ճամբայ առաջնորդուող իր ազգը։ Այո՛,մեր լեզուն մեր ինքնութիւնն է եւ աղբիւրը մեր ոգեկան ուժերուն.եւ ամբողջ ազգ մը ահա 16 դարերէ ի վեր այդ ոգեկան – իմացական ձեւերուն մէջ կը ձուլէ, կը դարբնէ իր մտածումները, իր յոյզերը եւ իր տենչերը եւ այդ ինքնակերտման ու ինքնաճանաչման ճանապարհին վրայ կը կազմուի ու կը դարբնուի նաեւ հայուն ազատ ապրելու կամքը։ Ի վերջոյ 36 երկաթագիրերն են, որ միշտ զօրացուցին բազուկը հայրենիքի պաշտպան հայ հերոսներուն՝ Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ ու Արցախ։
Աւօ Խշուաճեան, ԺԱ․ դասարան
Ազգային Միացեալ Վարժարան