Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-1:30, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն:
Ուսումնական խորհուրդին անունով հայերէնով եւ անգլերէնով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սփիւռքի հայապահպանման հոլովոյթին մէջ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու միակ կռուանը հայ դպրոցն է եւ իր ջամբած կրթութիւնը` աւելցնելով, որ դպրոցին ողնասիւնը ուսուցիչն է, որուն ուժեղացումով կրնանք վստահութեամբ յառաջդիմել: Մանկասարեան ըսաւ, որ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը` հաւատարիմ իր առաքելութեան, այս տարի եւս նախաձեռնեց Մանկավարժական մշակման օրուան` վերահաստատելով իր հաստատակամութիւնը` շարունակելու ազգային դպրոցի որակական զարգացումն ու բարելաւումը: Ան յայտնեց, որ ուսուցիչին ուժեղացման կարեւոր ազդակներէն մէկը մասնագիտական զարգացումն է, որ շարունակական հոլովոյթ մըն է` աւելցնելով, որ մեր ապագան կրնանք կերտել այսօրուան մեր նոր սերունդին ուժեղացումով: «Այսօր մեր ուրախութիւնը կրկնակի է, որովհետեւ կը գտնուինք Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Լիբանանահայը տասնամեակներու ընթացքին երազած է ունենալ նման վարժարան մը, որովհետեւ հաւատացած է լիբանանահայ գաղութի առաքելութեան եւ հայ դպրոցի էական դերին մեր հայեցի դիմագիծի պահպանման գալիք հարիւրամեակին» եզրափակեց Ս. Մանկասարեան:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Նենսի Դիմոնեան: Անոր նիւթն էր «Արդարութիւն` դասարանին մէջ»: Այս նիւթին ընդմէջէն ան բացատրեց, թէ դպրոցին մէջ ձախողութիւնները պակսեցնելը կը նպաստէ թէ՛ հասարակութեան եւ թէ՛ անհատներուն եւ այս մէկը կ՛իրականանայ, երբ առիթ ստեղծենք հաւասարապէս ու արդարօրէն վարուելու բոլոր աշակերտներուն հետ եւ հաւասար դասելու զանոնք: Ան շեշտեց, որ անհատի մը կրթութեան մակարդակը առնչուած է անոր կեանքի որակին հետ` աւելցնելով, որ եթէ դպրոցի մը կրթական համակարգը հիմնուած է արդար դաստիարակութեան վրայ, ատիկա հիմը կը դնէ յառաջադէմ եւ արդար հասարակութեան մը:
Կարճ դադարէ մը ետք ուսուցիչները բաժնուեցան 4 խումբերու: Առաջին խումբին իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի Ա., Բ., Գ. դասարաններու ուսուցիչ/ուսուցչուհիները: Հայկազեան համալսարանի դասախօս Լայան Խաթիպ այս խմբակին յայտնեց տեղեկութիւններ, թէ ինչպէ՛ս ուսուցիչները կրնան հասնիլ բոլոր աշակերտներուն` իրենց կարողութիւններուն համեմատ բացատրելով այս մեթոտին նպատակը եւ անոր դժուարութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Լայան Խաթիպ իր ներկայացուցած նիւթին ընդմէջէն կատարեց գործնական աշխատանք` մասնակցութեամբ ուսուցիչներուն:
Նախակրթարանի Դ., Ե., Զ., ինչպէս նաեւ միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարաններու ուսուցիչ/ուսուցչուհիները իրենց կարգին բաժնուեցան երեք խումբերու: Գիտական նիւթեր եւ ուսողութիւն դասաւանդող ուսուցիչներուն դասախօսն էր դոկտ. Նենսի Դիմոնեան: Ան ըսաւ, որ նոյն դասարանին մէջ կը գտնուին աշակերտներ, որոնք եկած են տարբեր շրջանակներէ եւ օժտուած են տարբեր կարողութիւններով ու հետաքրքրութիւններով, եւ պէտք է բոլորին հետ վարուիլ արդարօրէն եւ հաւասարապէս: Ան նաեւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պարտականութիւն տալ նոյն դասարանին պատկանող աշակերտներուն, երբ իւրաքանչիւրը օժտուած է տարբեր կարողութեամբ: Դոկտ. Դիմոնեան շեշտեց, որ ուսուցիչը պէտք է լաւապէս ճանչնայ իւրաքանչիւր աշակերտի կարողութիւնները եւ այնպիսի աշխատանք մը տայ, որ բոլորը կարենան բերել իրենց մասնակցութիւնը: Դասախօսը իր ներկայացուցած նիւթին ընդմէջէն կատարեց գործնական աշխատանք` ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Լեզուական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Սուհա Սաֆիէտտին խօսեցաւ գրելով արտայայտուելու նորագոյն ձեւերուն ու մեթոտներուն մասին եւ բացատրութիւն տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ ձեւերն ու մեթոտները ներառել լեզուներուն մէջ: Այս պարագային եւս տեղի ունեցաւ գործնական աշխատանք` մասնակցութեամբ ուսուցիչներուն:
Ընկերային գիտութեանց նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն զեկուցաբերն էր «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի դասախօս դոկտ. Պասել Աքար: Ան բացատրեց, որ բազմազանութիւնը բնական երեւոյթ մըն է որեւէ դասարանի համար կամ հաւաքականութեան մը մէջ: Իւրաքանչիւր աշակերտ դասարան կու գայ տարբեր գաղափարներով, տարբեր փորձառութիւններով, տարբեր ինքնութեամբ եւ տարբեր կարողութիւններով: Դասարանը կարողականութիւնը ունի աշակերտներուն մէջ զարգացնելու այդ տարբերութիւններու բարիքներու օգտագործումը: Դասախօսը իր ներկայացուցած նիւթին ընդմէջէն կատարեց գործնական աշխատանք` ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Յայտնենք, որ «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան մասնակցողներուն պիտի տրուի համապատասխան հաստատագիր` Ուսումնական խորհուրդին կողմէ: