Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-11:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանական արեւելումի հանդիպում` մասնակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան, Լիբանանի – ամերիկեան, Հայկազեան, Սեն Ժոզեֆ, Ս. Հոգի, «Էն. Տի. Եու.», Պալամանտ, Պէյրութի արաբական, Անտոնեան, Լա Սաժես, Միջին Արեւելքի, Լիբանանի Ֆրանսական համալսարաններուն եւ Սպայից վարժարանին: Արեւելումի հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային միացեալ եւ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարաններու ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աւելի քան 100 աշակերտներ:
Սրահին մէջ իւրաքանչիւր համալսարանին յատկացուած էր սեղան մը, որուն վրայ տեղադրուած էին այդ համալսարանի վերաբերող գրքոյկներ եւ թերթիկներ: Աշակերտները ուղղուեցան իրենց նախասիրած եւ զիրենք հետաքրքրող համալսարանի սեղանին մօտ` ստանալու համար տեղեկութիւններ եւ ցուցմունքներ, ինչպէս նաեւ իրենց ներկայացնելիք թղթածրարին, արձանագրութեան եւ անոր ժամկէտին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Համալսարաններու ներկայացուցիչները ծանօթացուցին իրենց համալսարանները, դասաւանդուող մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն ներկայացուցին համապատասխան վկայականներու մասին տեղեկութիւններ եւ տրամադրեցին իրենց համալսարաններու քարոզչական թերթիկները: