Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներու, երկուշաբթի, 22 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած աշակերտական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան անդամ դոկտ. Լիզա Պաստաճեանի, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ մասնակից վարժարաններու տնօրէններու եւ պատասխանատու ուսուցիչներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներէն ներկայացուցիչներ իրենց վարժարաններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ:
Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Հրակ Թաթեան, որ հաստատեց, թէ սոյն հաւաքը կը միտի ոգեկոչելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն հայ զոհերու յիշատակը, վերանորոգելու` պայքարը շարունակելու եւ անոնց վրէժը լուծելու, նաեւ վկայելու, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մնայ նախատինք մարդկային արդարութեան ճակտին, որովհետեւ անիկա իր արդար հատուցումը չէ ստացած եւ դուռը բացած է այլ ջարդերու եւ ցեղասպանութիւններու: Ան շեշտեց, որ հայ աշակերտէն կը պահանջուի վերահաստատել արդարութիւնը հետապնդելու պատասխանատուութիւնն ու պարտաւորութիւնը, երաշխաւորել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի ամբողջ աշխարհին կողմէ, եւ արդար հատուցումը տրուի, որովհետեւ անոր մերժումը ո՛չ միայն անարգանք է զոհերուն յիշատակին, այլ սպառնալիք է ու պատմութեան խեղաթիւրում:
Այնուհետեւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Սելլա Սվաքճեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառը»-ը, իսկ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Մերի Էքմեքճեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր» ստեղծագործութիւնը:
Օրուան պատգամախօսն էր Վիգէն Գուճանեան: Ան հաստատեց, որ 109 տարիներ ետք տակաւին ցեղասպան Թուրքիա չ՛ընդունիր քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, կ՛ուրանայ պատմական իրականութիւնները եւ ամէնէն հիմնականը` կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը պետական մակարդակով, արդի արհեստագիտական միջոցներով եւ հսկայական գումարներ յատկացնելով: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պատմական խնդիր չէ, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր կը կրէ մեծագոյն ողբերգութեան հետեւանքները. Թուրքիա տակաւին չէ հատուցած նահատակներու արեան գինը եւ գրաւուած կը պահէ Արեւմտեան Հայաստանը եւ մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան բոլոր կալուածները, աւելցնելով, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ամէն օր, եւ մենք բոլորս սպիտակ ջարդի զոհերը կը դառնանք աշխարհի չորս ծագերուն, եւ ձուլումը, հայութեան թիւին նուազումը, հայ լեզուին ու մշակոյթին կորուստը շարունակուող Ցեղասպանութեան գլխաւոր փաստերն են: Գուճանեան ըսաւ, որ այս տարի տարբեր է ապրիլ ամիսը, որովհետեւ Արցախը գրաւուած է, յանձնուած է, եւ մեր ժամանակակից պատմութեան պանծալի մէկ էջը թատերաբեմ դարձած է նոր ողբերգութիւններու, նոր տեղահանութիւններու, նոր բռնագաղթով, նոր զոհերով ու հողային մեծ կորուստներով: Այս անգամ եւս Թուրքիա անմասն չէ մնացած հայակործան ծրագիրէն եւ իր բոլոր կարելիութիւններով զօրակցած է Ազրպէյճանին` շարունակելով հայ ժողովուրդի քայքայման ու բնաջնջման դարաւոր իր աշխատանքները:
Գուճանեան հաստատեց, թէ այնքան ատեն որ Թուրքիա կը մնայ լուռ, մենք պէտք է մեր ձայնը լսելի դարձնենք աշխարհին, եւ իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ, որ իրենք շատ ընելիք ունին: Պէտք է զինուին գիտութեամբ եւ ազգային դաստիարակութեամբ, առաջնորդուին մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային արժէքներով եւ ունենան մեր նահատակներուն եւ հերոսներուն ուղիին հետեւելու կամքն ու քաջ կեցուածքը արտայայտելու գործնական իրենց մասնակցութիւնը հաւաքական մեր պայքարին, պէտք է ըլլան յաղթանակներ տեսնող եւ կերտող սերունդներ, որոնք կը վերականգնեն մեր հպարտութիւնը, մեր պատիւը: Եզրափակելով իր խօսքը` Վ. Գուճանեան յորդորեց աշակերտները չյուսահատելու, չյանձնուելու, եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ըլլան` օտարներուն ներկայացնելու մեր Դատը, Ցեղասպանութեան հարցը, Արցախի հիմնախնդիրը, եւ իրենց գիտութեամբ ու կարողականութիւններով նպաստելու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման եւ հայրենիքի հզօրացման ու ամբողջացման աշխատանքին:
Այնուհետեւ Ազգային Միացեալ վարժարանէն Վագօ եւ Շիրազ Բէնէնեաններ սրինգով եւ քլարինեթով նուագեցին երաժշտական կտորներ, իսկ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի երգչախումբը մեկնաբանեց «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգը:
Հաւաքին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ան յիշեցուց աշակերտներուն, թէ մեր դպրոցներէն ներս մեր սորվածը տեղ մը արժէք կը ներկայացնէ եւ մասնաւորաբար կ՛արժեւորուի նոյնինքն մեր նահատակներուն կողմէ, որոնք իբրեւ պարտականութիւն մեր ուսերուն դրած են շատ մը պահանջներ, որոնք մենք կրնանք իրականացնել, եթէ իսկապէս հայկական արժէքներով, ապրումներով եւ հայեցի գիտակցութեամբ կ՛աճինք եւ այդ ձեւով մեր ուսերուն կը վերցնենք սրբազան ու նուիրական այն պարտականութիւնները, որոնք մեր նահատակները փոխանցեցին գալիք սերունդներուն: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս տարի տխուր պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք 24 ապրիլը, սակայն` միեւնոյն գիտակցութեամբ եւ միեւնոյն ապրումներով, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, որ աշխարհին դիմաց առանձին ենք, սակայն միակամ ու միասիրտ, միեւնոյն գիտակցութեամբ ու նուիրումով պարտաւոր ենք շարունակել պատմութեան դիմաց մեր երթը, մինչեւ որ հասնինք մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման նուիրական նպատակին: Սրբազանը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ, որ իրենք հասակ կ՛առնեն սփիւռքի մէջ, բայց իրենց ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ Հայաստանին վրայ` մեր հայրերուն բնօրրանին, նաեւ հասակ կ՛առնեն օտար երկինքներու տակ, սակայն մեր դպրոցներուն մէջ` հայեցի ապրումներով եւ հայկական արժէքներով, եւ հասակ կ՛առնեն օտար միջավայրի մէջ, սակայն անկասկած կը մեծնան հայ տուներու մէջ, ուր հայութեան յիշողութիւնը թեւ ու թռիչք կու տայ տան անդամներուն, նաեւ` մեր համայնական կեանքի բոլոր արտայայտութիւններուն: Եզրափակելով իր պատգամը` Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ աշակերտները իրենց աշխատանքով ու նուիրումով ներկայ հանգրուանին եւ ապագային մեր առօրեայէն ներս, նաեւ մեր ապրումներուն մէջ նոր շարժում մը կը ստեղծեն եւ անիկա կը տարածուի ընդհանուր հայութեան կեանքէն ներս, որպէսզի ազատ, անկախ Հայաստանի տեսիլքը վերածուի իրականութեան:
Աշակերտական հաւաքը իր լրումին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Յայտնենք, որ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ վարժարանները` Ազգային Միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձարգոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարան, Թէքէեան վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: