Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընդունեց Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատը եւ նախկին երեսփոխան տոքթ. Ղասսան Մուխայպերը: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:
Լիբանանի հոգեւոր պետերու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ այցելուները առաջնորդ սրբազան հօր ծանօթացնեն Մեթնի Արտակարգ իրավիճակներու բարձրագոյն խորհուրդի ծրագիրները եւ կառոյցը, ինչպէս նաեւ համայնքներու հետ գործակցութեան եղանակները եւ աշխատելաոճը: