Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մեծ Պահոց Միջինք Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեծ Պահքը Ինքնաքննութեան Եւ Ինքնաճանաչումի Հրաւիրող Առիթ Է», Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն, Մեծ պահոց միջինքի առիթով չորեքշաբթի, 10 մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ:

Հաւատացեալ ժողովուրդին առցանց ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը յայտնեց, որ Մեծ Պահքը ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի հրաւիրող առիթ է բոլորին համար: Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհի պայմաններուն մէջ, մութն ու լոյսը շարունակաբար ներկայ են եւ զիրար կը փոխարինեն յաջորդաբար` աւելցնելով, որ առաւելաբար լոյսը կը մնայ տիրական եւ այդ իրողութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ` նախախնամութեան կամքով տիեզերքի մէջ հաստատուած դրոյթ մը, որպէսզի խաւարը փարատելով կեանքը լուսաւորուի եւ ջերմանայ ու ամէն բան շարժումի մէջ ըլլայ:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հաստատեց, որ տեսանելի աշխարհէն զատ, կայ նաեւ ներքին աշխարհը` մարդու սիրտն ու հոգին, որոնց մէջ ալ Աստուած զետեղած է լոյս մը, որուն նկատմամբ պէտք է ըլլանք չափազանց հոգատար եւ նախանձախնդիր, որպէսզի անոր բացակայութեան պատճառով մեր հոգեկան աշխարհը չխաւարի:

Ակնարկելով Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին ու տագնապալի կացութիւններուն` Սրբազանը ըսաւ. «Ժողովուրդին կեանքին մէջ այսօր սկսած է գոյանալ ներքին խաւար, որ կրնայ փարատիլ  Աւետարանի լոյսով` միայն  Յիսուս Քրիստոսով, որ իբրեւ Նոր Լուսաւորիչ, աշխարհին մէջ յայտնուեցաւ, երբ մերօրեայ կեանքի պայմաններուն նման, տագնապի մատնուած էր մարդկութիւնը եւ հին խաւարը փարատելու համար անհրաժեշտ էր աստուածային լոյսով ողողել մարդուն հոգին»:

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ առօրեան ներդաշնակելով Աւետարանի ճշմարտութիւններուն հետ, հոգեւորականն ալ շարունակաբար պէտք է ջանայ իր ներաշխարհը պայծառացնելով, Աստուծոյ կողմէ տրուած պայծառատեսութեան լոյսը տարածել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: