Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մեր Դպրոցները Իրենց Առաւելագոյնը Կ՛ընծայեն Մեր Ժողովուրդին Մէջ Հայրենիքը Ապրեցնելու Սրբազան Գործին

 

Լիբանանեան սրտցաւ կացութեան մէջ, դպրոցական վերամուտ մը եւս կը դիմաւորենք եւ այս առիթով մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը դարձեալ կը հրաւիրենք դէպի հայ դպրոց, որպէսզի օր ըստ օրէ աւելի բարդացող ընկերային ու տնտեսական անօրինակ ծանր կացութեան դիմաց, նախ հոգեկան կեցուածքով ու միահամուռ մասնակցութեամբ պաշտպանենք հայ դպրոցը եւ ի խնդիր վաղուան մեր կեանքին, նաեւ ձգտինք ոգեւորութեան վիճակ յառաջացնել լիբանանահայ կրթական մեր աշխատանքներուն մէջ:

Անկասկած, անցնող տարիներուն, ծանր պայմաններու մէջ գտնուեցան մեր եկեղեցիներն ու մեր ազգային, կրթական եւ ընկերային բոլոր կառոյցները: Սակայն, փառք Աստուծոյ, խուճապ չստեղծուեցաւ մեր աշխատանքներուն մէջ ու բան չխորտակուեցաւ մեր կեանքին մէջ: Արդարեւ, լիբանանահայութեան գոյավիճակը պահպանելու առաքելութեամբ, մասնաւորաբար մեր դպրոցները մնացին կանգուն ու եղան աշխուժ իրենց վերաբերող պարտականութիւններուն մէջ եւ կրթական մեր պատասխանատուները, ուսուցիչներն ու դաստիարակները ջանացին մեր դիմաց յարուցուած տագնապները սանձել նուիրեալ աշխատանքով ու գիտակից կեցուածքով:

Սակայն, պէտք է իրապաշտօրէն նաեւ խոստովանինք, որ  համայնական մեր կեանքին մէջ սկսած է գոյանալ արժէքներու նահանջ:  Փաստօրէն, այսօր մեր ժողովուրդին մօտ սկսած է յառաջանալ գիտակցութեան պակաս եւ այդ վիճակին առաջին զոհը սկսած է դառնալ նոյնինքն հայ դպրոցը, որուն նկատմամբ մեր ժողովուրդին կեցուածքն ու հասկացողութիւնները սկսած են տարբերիլ նախորդ սերունդներուն ունեցած կեցուածքէն ու հասկացողութիւններէն:

Արդարեւ, մինչեւ երէկ, մեր ժողովուրդը գիտէր, որ սփիւռքահայութեան գոյութիւնը պայմանաւորուած է հայ դպրոցով: Փաստօրէն, մինչեւ երէկ, մեր հաւաքականութիւնը բարձր արժեւորելով հայ դպրոցին իւրայատուկ կոչումն ու դերակատարութիւնը, տեսակաւոր  դպրոցներուն մէջ աւելի դիւրութեամբ կը զատորոշուէր հայ դպրոցը: Այդ իսկ պատճառով, մինչեւ երէկ, հայ դպրոցի տարեմուտին առիթով, ո՛չ միայն հայ դպրոցը կ՛ոգեւորուէր, այլեւ հրճուանքով կը յորդէր մեր ամբողջ շրջապատը: Մինչդեռ այսօր, օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ ասիկա կը նշանակէ, թէ մեր ժողովուրդը, որ սովորաբար իր կեանքը կ՛ըմբռնէր ազգային տեսլականով, սկսած է դատարկուիլ նախորդ սերունդներուն հաւատքով կերտուած արժէքներէն:

Վերամուտի առիթով, հայ դպրոցին հետ ըլլալը կը նշանակէ մեր ազգային խիղճին ու գիտակցութեան հետ ըլլալ եւ այդպիսով արժանանալ Աստուծոյ օրհնութեան:

Անկասկած, երախտապարտ ենք, որ ցարդ մեր ժողովուրդը, հայ դպրոցին հանդէպ պահեց իր գիտակցութիւնն ու հաւատարմութիւնը, եւ հոգեպէս  կը մխիթարուինք ու կը քաջալերուինք, երբ կը տեսնենք, թէ բարի նախանձախնդրութեամբ, նոյնիսկ հեռաւոր ափերէն, մեզի ծանօթ կամ անծանօթ հայորդիներ, նուիրեալ վերաբերմունքով, սիրով կ՛աջակցին լիբանանահայ դպրոցի առաքելութեան գործին: Երախտապարտ ենք նաեւ, որ հայ վարժարանի առաքելութեան աջակցող սակաւաթիւ լիբանանահայ մեր բարերարները եւս հայ աշակերտին ու հայեցի գործին նկատմամբ կը մնան հոգատար:

Մեր ապրած կեանքի խառն պայմաններուն մէջ, դպրոցական տարեմուտը մեզ կը հրաւիրէ գոհունակութեամբ անդրադառնալու, թէ հակառակ ճգնաժամային մեր պայմաններուն, մեր դպրոցներն ու կառոյցները իրենց առաւելագոյնը կ՛ընծայեն մեր ժողովուրդին մէջ հայրենիքը ապրեցնելու սրբազան գործին:

Կրթական նոր տարեմուտի մը առիթով կը մաղթեմ, որ հայ դպրոցին գործն ու կեանքը լուսաւորուին մեր ժողովուրդին անխառն հաւատարմութեամբն ու սիրովը, եւ կ՛օրհնենք վաստակը բոլոր անոնց, որոնք հայ դպրոցին առաքելութիւնը պահպանելու գործը սուրբ պարտականութիւն կը նկատեն եւ կ՛արժանանան սերունդներու երախտիքին:

Թող բարին Աստուած հայ դպրոցին երթը օրհնէ եւ անոր աշխատանքը վերածէ պտղաբեր արդիւնքի:

Մնամ սիրոյ ողջունիւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ