Լիբանանի տնտեսական բազմաբնոյթ եւ մտահոգիչ տագնապներուն դիմաց, անցնող ամիսներուն Ազգային վարժարաններն ու հայ աշակերտներուն ծնողները դէմ յանդիման գտնուեցան նիւթական յաւելեալ դժուարութիւններու, որոնք նոյնինքն ահազանգային վտանգ են ե՛ւ դպրոցներու, ե՛ւ աշակերտներու գոյութեան պահպանման:
Այս տագնապալից պահերուն, ինչպէս երէկ, այսօր ալ կ՛ապաւինինք մեր բարերարներու բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան, որ վարժարաններուն եւ աշակերտներու ծնողներուն պիտի տայ յաւելեալ կորով` յաղթահարելու արգելքները:
Նշեալ առաջադրանքէն մեկնելով` Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը որոշած է 2002 թուականին սկիզբ առած աշակերտ հովանաւորող ծրագիրին տալ նոր թափ:
Մեր բարերարները տարեկան 250 ամերիկեան տոլար նուիրելով, թիկունք կանգնած կ՛ըլլան հովանաւորութեան կարիք ունեցող ընտանիքի մը, որուն հետ աջակցաբար մասնակից կը դառնան հայ աշակերտի հոգեւոր-ազգային դաստիարակութեան եւ կրթութեան ապահովման:
«Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ը յառաջիկային հանրութեան պիտի ներկայացնէ նուիրատուութիւններ կատարելու դրութիւնները եւ աշակերտ-հովանաւորող յարաբերութիւններուն ու հաշուետուութեան եղանակները: Նոյեմբերի աւարտին նաեւ տեղի պիտի ունենայ ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը:
Իւրաքանչիւր հայորդիի աջակցութիւնը այսօր անհրաժեշտութիւն է:
Միա՛յն ճիգերու եւ կարելիութիւններու մէկտեղումով կրնանք կանգուն մնալ եւ զօրակցիլ հայ աշակերտին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ