Կիրակի, 12 մայիս 2019-ին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ վերանորոգուած մկրտարանի բացումը: Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը: Ան յայտնեց, որ Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրին կը յիշեցնէ, որ կեանքի մէջ չի բաւեր միայն լսել այն բոլոր խօսքերը, որ Աստուածաշունչի եւ Աստուծոյ ճամբով տրուած է մեզի` որպէս հաւատացեալներու, որովհետեւ խօսքը առանց գործի` մեռած է: Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը բացատրեց, որ այս կիրակին մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կը կոչուի Կարմիր կիրակի, աւելցնելով, որ այս խորհուրդը Քրիստոսի արեան եւ անոր արեամբ փրկուելու խորհուրդը չէ, այլ Քրիստոսը ընդունելու խորհուրդն է: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ արժէք ունի լսել մէկու մը խօսքը, սակայն չընդունիլ զինք, փառաբանել մէկը, բայց զայն չունենալ իր կեանքին մէջ:
«Քրիստոս իր արիւնը թափեց մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը, հաւատքը փրկելու համար: Ան իր անձը զոհեց, որպէսզի մենք ապրինք իր անձին եւ գործին որպէս արդիւնք եւ այդ բոլորը մեզի փոխանցեց` որպէս միակ Տէրը եւ Փրկիչը աշխարհի» շեշտեց հայր սուրբը` նկատել տալով, որ այսօր մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին մենք միայն կ՛ուզենք լսել: Ներկայ աշխարհը մեզ միայն փորձութեան կը հրաւիրէ եւ թոյլ չի տար, որ ընենք այն, ինչ որ կը հաւատանք եւ կ՛ընդունինք, որովհետեւ աշխարհին այսօրուան դժուարութիւնները, հոգերը, հիւանդութիւնները մեզ հեռացուցած են ընդունելէն: Ան ըսաւ, որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ երբ կը հաւատանք մէկու մը, որ կ՛ընդունինք, կը նշանակէ, որ մեր կեանքը եւ առօրեան յանձնած ենք անոր, աւելցնելով, որ մենք կ՛ընդունինք եւ կը խոստովանինք, որ քրիստոնեայ ենք, մեր Տէրը Քրիստոս է, ան իր արիւնով փրկեց մեզմէ իւրաքանչիւրը, զոհեց իր անձը, որ մենք այսօր նոր կեանք ունենանք, սակայն հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է այդ բոլորին ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս:
«Քրիստոս ընդունիլ` չի նշանակեր միայն ըսել, որ կ՛ընդունինք զայն: Ո՛չ: Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին համար իր կեանքը զոհեց: Քրիստոս ցոյց տուաւ, որ մենք միայն պէտք չէ խօսինք մեր կեանքին մէջ, այլ պէտք է գործենք», հաստատեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը` նկատել տալով, որ այսօր մեր կեանքը միայն խօսք է, երեւոյթ է, տեսք է, ցուցադրութիւն է, եւ մենք մեր կեանքը կը լուսաւորենք աշխարհիկ բարքերով, մինչ աշխարհիկ բարքերը լուսաւորելու միակ լոյսը Քրիստոս է, այլապէս այդ լոյսը կը դառնայ ժամանակաւոր: Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը ըսաւ, որ Քրիստոսը կ՛ընդունինք մեր կեանքին մէջ, երբ դժուարութեան մէջ ենք եւ բանի մը պէտք ունինք, աւելցնելով, որ Քրիստոս միայն դժուարութեան, հիւանդութեան կամ բարիքներ բաժնող Քրիստոս չէ, այլ մեր ամէնօրեայ տէրը, պահապանը եւ պաշտպանն է, եւ երբ ընդունինք այս, կը ժառանգենք յաւիտենական կեանքը:
Ան ըսաւ, որ Կարմիր կիրակիի առիթով մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է մտածել, թէ ո՛ւր է Քրիստոս իր կեանքին մէջ, ինչպէ՞ս կ՛ընդունի զինք եւ ի՞նչ պէտք է ընէ, որ Ան դառնայ իր կեանքի առաջնորդը, նկատել տալով, որ այսօր մեր կեանքին մէջ բացակայ է վստահութիւնը, որովհետեւ ինչպէս որ մեր կեանքին մէջ մարդոց չենք վստահիր, կը կարծենք, որ Քրիստոսի ալ պէտք չէ վստահինք: «Մենք միայն պէտք է վստահինք Քրիստոսի եւ Իրմով առաջնորդուինք», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը` հաստատելով, որ Քրիստոսով յաւիտենական կեանքի արժանանալը առաջին անգամ կը սկսի մեր եկեղեցւոյ խորհուրդներէն` ս. մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդով, եւ ան, որ կը մկրտուի այդ աւազանին մէջ արդէն ժառանգորդ է յաւիտենական կեանքին: Պարզապէս իր կեանքին մէջ պիտի անսայ, ձգտի եւ պայքարի հասնելու համար այդ փրկութեան:
«Մկրտարանը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւորագոյն եւ մանաւանդ խորհուրդներուն մէջ առաջին տեղը եւ դերը ունի, որովհետեւ մենք մկրտութեան աւազանով կը դառնանք քրիստոնեայ եւ կը ստանանք Ս. Հոգիի շնորհքները, եւ այս մկրտարանը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պիտի ըլլայ յոյսի, փրկութեան, սիրոյ, հաւատքի եւ մանաւանդ Քրիստոսի ընդունման մկրտարան», հաստատեց հայր սուրբը եւ եզրափակելով իր խօսքը` ուրախութիւն յայտնեց, որ աշխարհի դժուարութեանց մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ տակաւին կան եկեղեցւոյ հաւատք ընծայող եւ այդ առաքելութեան հաւատացող մարդիկ, նման` Սօսի Մենտիլեանի, որ ստանձնեց եկեղեցւոյ մկրտարանի վերանորոգութեան ծախսը իր ամուսնոյն` Զոհրապ Մենտիլեանի հոգւոյն համար:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Զոհրապ Մենտիլեանի հոգւոյն համար, որմէ ետք Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը կատարեց վերանորոգուած մկրտարանին բացումը եւ oրհնութիւնը:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` թաղականութեան կողմէ: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին` իր կատարած նուիրատուութեան համար, շեշտելով, որ ան կատարեց այս առաքինութիւնը` հաւատալով եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ քրիստոնէական հաւատքին, որ կը ծնի մկրտութեան ճամբով: Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ շատ գեղեցիկ է բարերարին գաղափարը, որ իր ամուսինը անմահացնելու նպատակով յանձն առաւ մկրտարանի նուիրատուութիւնը, ուր քրիստոնէական հաւատքով հազարաւոր մանուկներ պիտի մկրտուին եւ Զոհրապ Մենտիլեանին յիշատակը մկրտութեան ճամբով յաւիտեան պիտի մնայ: