Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը Իր Շուրջ Համախմբեց 76 Աշակերտներ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 27 մայիս 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը, որ այս տարի նուիրուեցաւ արցախեան ազատամարտիկին նահատակութեան 30-ամեակին:

Մրցանքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան, որ նկատել տուաւ, թէ այս տարի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու կողքին, առաջին անգամ ըլլալով նախակրթարանի բաժինի աշակերտները եւս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն: Ստեփան յայտնեց, որ արհեստագիտական արագ զարգացման այս ժամանակաշրջանին, երբ միշտ նախընտրութիւնը կը տրուի դիւրինին եւ արագին, անհրաժեշտ կը համարենք թուղթի վրայ գրիչով շարադրութիւն գրելը, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ կարելի կ՛ըլլայ լաւապէս մտածել եւ արտայայտուիլ մայրենի լեզուով, թափ տալ երեւակայութեան եւ միտքեր յառաջացնել` առանց ապաւինելու համացանցին: «Դպրոցական տարիներուն ձեր կատարած գրական փորձերը կրնան զարգանալ ապագային, եւ դուք կրնաք խորանալ այս մարզին մէջ` դառնալով գրագէտներ, լրագրողներ», ըսաւ ան:

Շարունակելով իր խօսքը` Շանթ Ստեփան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը` նկատել տալով, որ անոր մէջ պատանեկութեան տարիներէն զարգացած էր մտաւորական, գրական միտքը եւ շատ կը սիրէր ընթերցանութիւնը, մասնաւորաբար` հայերէնով: Ստեփան աշակերտներուն թելադրեց, որ հետեւին Մհերի ուղիին` շարունակելու Հայ դատի պայքարը, նուիրական ծառայութիւն մատուցելու ազգին ու հայրենիքին, սիրելու մայրենի լեզուն, մշակոյթը, հայկական արժէքները, կարդալու եւ գրելու հայերէն, որովհետեւ մեր արմատներուն կառչելով է, որ կրնանք աճիլ, զօրանալ եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել:

«Մնանք հաւատարիմ Մհերին եւ մեր բոլոր նահատակներուն կտակին, որովհետեւ անոնց մահը կոչ է մեզի` ապրելու, գոյատեւելու եւ պայքարելու աւելի լաւ ապագայի մը համար», եզրափակեց Շանթ Ստեփան:

Յայտնենք, որ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական այս տարուան մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ 13 վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններէն 76 աշակերտ-աշակերտուհիներ. Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

Մրցանքին տեւողութիւնը մէկ ժամ էր նախակրթարանին, իսկ  երկու ժամ մնացեալ կարգերուն: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր երեք նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը:

Մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլով, եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի ստանան Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ: