Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 4 յունիս 2022-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու 46 աշակերտ-աշակերտուհիներու:
Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով 2003 թուականին հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը այս տարի գլխաւոր թեմա ունեցաւ հերոսի, ուսուցիչի, ճամբորդութեան եւ մոլութիւններու առնչուած աշակերտական մտորումներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցանակաւոր աշակերտներուն անունները` անոնց պարգեւատրումը նախատեսելով կատարել համապատասխան ձեռնարկի մը ընթացքին, որուն մասին կը տեղեկացնենք յառաջիկային: Մրցանակակիր բոլոր աշակերտները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ:
Միջնակարգ
Ա. Մրցանակ
ԼՈՌԻ ԱՒԵՏԻՍ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
Բ. Մրցանակ
ՔՐԻՍՏ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարան
Գ. Մրցանակ
ՍԷՐԼԻ-ՌՈԶԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ, Հայ աւետարանական քոլեճ
Պատուոյ յիշատակութիւն`
ԼՈՌԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
Երկրորդական
Ա. Մրցանակ
ՓԱԹԻԼ ԹԱՍԱՔԵԱՆ, Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
ՍԵՐԺ ՔԻՒՇԷՐԵԱՆ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք
Բ. Մրցանակ
ԱՐԷՆԻ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ, Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարան
Գ. Մրցանակ
ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարան
ՍԵՒԱԿ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
Պատուոյ յիշատակութիւն`
ՅԱՐՈՒԹ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
ՍԻԼՎԻ ԹԱԹՈՅԵԱՆ, Ազգային Միացեալ վարժարան
ԱՆԻ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆ, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ