Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 16 փետրուար 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մտածողներու մշակոյթի մը ստեղծումը» (Creating a culture of thinkers) նիւթով վարժանիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց օրուան բանախօս, մանկավարժութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացած, Ամսթերտամի Միջազգային վարժարանի ուսուցչուհի Դալար Պողարեան- Փարթիեանը եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու իր նիւթը:
Բանախօսը «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր նիւթին մէջ բացատրեց ներկաներուն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վարժարաններէն ներս քաջալերել մշակոյթը եւ ստեղծել մթնոլորտ մը, որ քաջալերէ մտածելակերպը: Ան նկատել տուաւ, որ դպրոցը պէտք է մտածելու եւ ստեղծագործելու վայր մը ըլլայ, ուր աշակերտները պէտք է մտածեն եւ ոչ թէ միայն լսեն: Նման մշակոյթի ստեղծման համար Դալար Պողարեան-Փարթիեան թուեց ութ ուժեր, որոնց վրայ հարկ է աշխատանք տանիլ, որպէսզի աշակերտը մտածէ եւ ստեղծագործէ. լեզուն, միջավայրը, սովորութիւնները, ժամանակը, քայլը կամ առիթը, ուսուցիչը` որպէս իր տիպարը, միջանկեալ գործողութիւններ, ակնկալութիւններ: Բանախօսը մանրամասնօրէն բացատրեց իւրաքանչիւր ուժին ունեցած դերակատարութիւնը` նման միջավայր ստեղծելու մէջ:
Ապա Դալար Պողարեան-Փարթիեան խմբակներու բաժնեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք մեծ խաւաքարտերու վրայ ներկայացուցին յիշեալ ութ ուժերը, եւ ապա իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց եւ բացատրեց իր պատրաստած աշխատանքը:
Աւարտին Ուսումնական խորհուրդի անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ բանախօսին: