2021-2022 կրթական տարեշրջանի գծագրական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 8 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ:
Բացման խօսքով տնօրէն Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ կրթական տարեշրջանի աւանդութիւն դարձած եզրափակիչ ձեռնարկներէն նկատուող գծագրական ցուցահանդէսը կը բխի վարժարանի այն համոզումէն, որ աշակերտներու լիարժէք գնահատականը տրուած չ՛ըլլար առանց այս ցուցահանդէսին: Տնօրէնը նշեց, որ արուեստը եւ առհասարակ մշակոյթը առողջ, ինքնաճանաչ ու տարբեր շրջապատներու հետ հաղորդակցելու ունակ անհատականութեանց կազմաւորման կենսական նպաստ կը հայթայթէ:
Ան ընդգծեց. «Ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ կեանքը գոյն չունի, երբ մարդոց տեսողութիւնը խորաթափանց ըլլալու իր կարողութենէն սկսած է զիջիլ, նեղցած եւ սահմանափակուած է նեղ պաստառներու վրայ, երբ ամէն ինչ հրամցուած եւ ուղորդուած է, արուեստը կը մնայ ստեղծագործ ու ազատագրուող միտքի ու հոգիի խթանը»:
Տնօրէնը քաջալերեց աշակերտները` մաղթելով, որ վարժարանին կողքին, աշակերտները վայելեն նաեւ ծնողներու ու երէցներու հետեւողութիւնն ու յարատեւ նեցուկը ուշադրութեան առարկայ պահելով աշակերտներու մէջ հասակ առնող հետաքրքրաշարժ ու հոգածութեան արժանի ձգտումներն ու հակումները:
Տնօրէն Արմէն Թաշճեան շնորհաւորեց ներկաները, ապա հրաւիրեց գծագրութեան դասատու արուեստագէտ Գօգօ Սգայեանը, որպէսզի օրուան խորհուրդը ամփոփէ` իր սրտի խօսքը արտասանելով:
Դասատուն, իբրեւ խրախուսիչ երեւոյթ, վեր առաւ գեղարուեստի նկատմամբ աշակերտներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը. Անդրադառնալով ցուցահանդէսին` ան ներկաները յորդորեց ուշադրութեան արժանացնելու աշակերտներու միտքերու ու թեմաներու այլազանութիւնը, ներաշխարհէ բխող երանգները, երեւակայութեան թռիչքն եւ համարձակ աշխարհահայեացքները: Ան գնահատելով աշակերտները` ներկաներէն խնդրեց, որ իւրաքանչիւր պատկերի դիմաց կանգնելով` փորձեն թափանցել մատուցուած արուեստի հորիզոնին:
Վարժարանի խնամակալութեան ատենապետին, գծագրութեան նախկին դասատու Րաֆֆի Անտոնեանին եւ Գօգօ Սգայեանին կողմէ կատարուեցաւ ցուցահանդէսին բացումը, որմէ ետք ներկաները շրջեցան, վայելեցին աշակերտներուն գծագրութիւնները` միեւնոյն ժամանակ հիւրասիրուելով ու զրուցելով իրարու հետ: Ցուցահանդէսը իր դռները բաց պահեց մինչեւ յաջորդ օրուան ամավերջի հանդէսէն ետք ուշ ժամեր: