Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած սովորութեան համաձայն եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, 9 մայիսէն 23 մայիս թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենան Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւններ:
Առ այդ, երկուշաբթի, 9 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու աղօթքի շաբթուան բացումը, ուր կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք:
Երեքշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները փոխադրուին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Յիշեալ եկեղեցւոյ ծխական շրջանի սկիզբը թափօրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նոյն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ եւ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն: Զոյգ օրերուն քարոզեց Առաջնորդ սրբազան հայրը, որ անդրադարձաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու սրբութեան եւ անոնց նահատակութեան` իբրեւ հաւատքի արդիւնք, հաստատելով, որ անոնք նախընտրեցին հոգեւոր կեանքը աշխարհականէն, որուն իբրեւ արդիւնք ունեցան յաւիտենական սրբութիւն: Առաջնորդ Սրբազանը կարեւոր նկատեց յիշեալ տօնը` հաստատելով սուրբերուն ունեցած քրիստոնէական հաւատքին դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց անոնց օրինակով ապրելու եւ գործելու:
Չորեքշաբթի, 11 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյնպէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած արարողութիւն, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որ անդրադարձաւ հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան` քրիստոնէական հաւատքի տարածման մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայ օրերուն մեր ընկերային կամ ընտանեկան կեանքին մէջ, նաեւ կազմակերպութիւններուն մէջ կինը սկսած է տիրական ներկայութիւն ըլլալ ամէնուրեք` իր գործով եւ խօսքով: Քահանայ հայրը եկեղեցւոյ պատմութենէն եւ ազգային կեանքէն օրինակներ բերելով շեշտեց իգական սեռին մատուցած անսակարկ ծառայութիւնները ընտանիքին, ազգին եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ, նաեւ քրիստոնէական հաւատքի հաստատման, տարածման եւ կրօնական աւանդութիւններուն պահպանման մէջ անոր ունեցած կենսական դերակատարութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան նկատել տուաւ, որ ներկայ օրերուն հայ կինը պէտք է ունենայ անարատ կենցաղ ու պահանջատէր ըլլայ մեր պատմական իրաւունքներուն ու անժամանցելի դատին, որովհետեւ կարիքը կայ յանձնառու, մաքառող ու պայքարող հայ կնոջ` կենսագործելու իր դերակատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի տարածման մէջ: