Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Յատուկ Վարժանիստ` Ազգային Վարժարաններու Մարզանքի Ուսուցիչներուն Եւ Մարզիչներուն Համար

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մարզանքի ուսուցիչներու եւ մարզիչներու վարժանիստ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները եւ մարզիչները:

Օրուան բանախօսն էր 8 անգամ Լիբանանի աղեղնաձգութեան ախոյեանութեան տիրացած «Այ. Սի.» դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ Ժիհատ Թուքան: Վարժանիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի խմբապետ Սեւակ Քէթէնճեան:

Ժիհատ Թուքան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր նիւթին մէջ բացատրեց մարզանքի դասապահին եւ մարզանքի ուսուցիչներուն ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը աշակերտներու մտային, ֆիզիքական եւ ուսումնական զարգացման հոլովոյթին մէջ` աւելցնելով, որ մարզանքը գիտութիւն է: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մարզանքի ուսուցիչ մը պատրաստէ իր մարզանքի դասապահերը, պատրաստէ իր ծրագիրը եւ ի՛նչ չափանիշներու վրայ գնահատէ իր աշակերտներուն աշխատանքը: Թուքան անդրադարձաւ նաեւ մարզական դաստիարակութեան կարեւորութեան` շեշտելով, թէ ինչպէ՛ս մարզանքի շնորհիւ աշակերտները հեռու կը մնան ծխախոտէն, ոգելից ըմպելիէն եւ թմրեցուցիչի գործածութենէն` հաստատելով, որ կարգ մը սերտողութիւններ ցոյց տուած են, թէ մարզանքի շնորհիւ աշակերտները աւելի բարձր նիշեր կ՛ապահովեն դպրոցին մէջ:

Իր կարգին, Սեւակ Քէթէնճեան հաստատեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ շատ կարեւոր է աշակերտին համար մտային առողջութիւնը, որուն առաջին պատասխանատուն մարզանքի ուսուցիչն է: Ան ըսաւ, թէ պէտք է մարզանքի ուսուցիչները զարգացնել, որ պատրաստ ըլլան աշակերտին կողմէ որեւէ մարտահրաւէրի եւ դիմագրաւեն զայն` շեշտելով, որ մարզանքի ուսուցիչը պէտք է լաւ զարգացած ըլլայ իր մարզին մէջ, բաւարար ուսում ունենայ, ինքնավստահ ըլլայ, ինքզինք միշտ բարելաւէ, որպէսզի օգտակար դառնայ աշակերտին, երբ ան իր ուսուցիչին պէտք ունենայ:

Կարճ դադարէ մը ետք վարժարանի փակ դաշտին մէջ Թուքան տարբեր տեսակի գործունէութիւններ եւ խաղեր կազմակերպեց ուսուցիչներուն համար, իսկ Սեւակ Քէթէնճեան բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպիսի՛ գործունէութիւններ կարելի է ընել մարզանքի եւ պասքեթպոլի մէջ: Ան նաեւ քաջալերեց եւ ոգեւորեց ուսուցիչները, որպէսզի գիտակցին իրենց դասաւանդած նիւթին կարեւորութեան:

Յայտնենք, որ ուսուցիչները շատ գոհ մնացին այս վարժանիստէն եւ յոյս յայտնեցին, որ կրկնուին նման նախաձեռնութիւններ: