Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Աարքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Կրօնական ժողովին եւ Ազգային առաջնորդարանի երիտասարդական յանձնախումբին, 22 յունուար 2019-էն սկսեալ ամէն երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, որուն նպատակն է առիթ տալ այն հայորդիներուն, որոնք կիրակի օրերուն կողքին, շաբթուան ընթացքին եւս կը փափաքին հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սնունդը ստանալ: Իսկ նոյն թուականէն սկսեալ, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի երիտասարդական յանձնախումբին, ամէն երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8:00-8:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 18-40 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ծանօթացման ընկերային հաւաք, որմէ ետք ժամը 8:30-9:00 Աստուածաշունչի սերտողութիւն, որ պիտի կատարէ առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եւ հայ քրիստոնէական կեանքի հաւաքական քննարկում:
Առ այդ, երէկ` երեքշաբթի, 22 յունուար 2019-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ պատարագը` երգեցողութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Սուրբ պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն: Ան նախ եւ առաջ նկատել տուաւ, որ ներկաներու աղօթքին ձայնը Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ իրենց հոգեկան ապրումով շատ գեղեցիկ հնչեց: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ եկեղեցին Աստուծոյ ու մեր ազգին տունն է եւ մենք այդ սրբազան յարկին հարազատ զաւակներն ենք: Ան կատարեց շատ կարեւոր նկատողութիւն մը, որ ճիշդ խաչակնքելն է, եւ բացատրեց, որ հայ եկեղեցին ունի խաչակնքելու իր իւրայատուկ եղանակը եւ պէտք է զայն գործադրենք: Ան սորվեցուց ճիշդ խաչակնքել, յորդորելով ներկաները, որ իրենք ալ իրենց կարգին զայն սորվեցնեն իրենց շրջապատին:
Սրբազանը բացատրեց, որ հոգեւոր խորհրդածութեան պահուն քարոզ պիտի չտրուի, այլ` ամբողջ շաբթուան իբրեւ հոգեւոր սնունդ բոլորին մտածողութեան քանի մը կէտեր պիտի ընդգծէ քանի մը վայրկեանի տեւողութեամբ, որոնք շարունակականութիւն պիտի ունենան ամէն երեքշաբթի` աւելցնելով, որ հոգեւոր խորհրդածութիւնը «Հայր մեր»-ին նուիրուած շարք մը պիտի ըլլայ, որուն մասին ներկայացուց կարգ մը կէտեր: «Հայր մեր»-ը «Տէրունական աղօթք» կը կոչուի, որովհետեւ Քրիստոս զայն սորվեցուց իր աշակերտներուն` անոնց հրահանգելով, որ այսպէս աղօթեն` աւելցնելով, որ «Հայր մեր»-ը Յիսուսի հայ աշակերտին, հայ ընտանիքին եւ հայ եկեղեցւոյ աղօթքն է:
Պատարագի աւարտին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական հաւաքը: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ իբրեւ հայ երիտասարդութիւն միասին ըլլալը նոր երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ շատեր իրենց շրջանակին մէջ իրենց տարեկիցներուն հետ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանահայութեան կեանքին` աւելցնելով, որ մենք բոլորս կը պատկանինք նոյն եկեղեցւոյ եւ նոյն ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին հաւատացեալներն են, եւ չկայ հայ մը, որ հաւատացեալ չէ: Առաջնորդ Սրբազանը թուեց երեք ձեւեր` հաւատացեալ ըլլալու. ա) Գիտակցաբար հաւատացեալներ, որոնք պատասխանատու եւ յանձնառու են, բ) Ենթագիտակցաբար կամ զգացականօրէն հաւատացեալներ, գ) Անգիտակից հաւատացեալներ` աւելցնելով, որ երեքն ալ հաւատացեալ են, որովհետեւ մկրտուած են հայ եկեղեցւոյ աւազանին մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, որ սոյն հաւաքի եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան նպատակն է հայ երիտասարդութիւնը իբրեւ հայ եկեղեցի իրարու քով բերել, որպէսզի իրարու ծանօթանալէ ետք միասնաբար աւելի յստակօրէն ճանչնանք Քրիստոսը եւ հետեւինք իրեն` բացատրելով, որ հաւաքին իւրայատկութիւնը այն է, որ հայ եկեղեցին այն մտերմիկ վայրն է, ուր իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ, կը հաղորդակցի սուրբերուն հետ, սիրտը երախտագիտութեամբ կը լեցուի Աստուծոյ եւ մեր պատմութեան ու արժէքներուն նկատմամբ, կեանք փոխող փորձառութիւն կ՛ապրի եւ ինքզինք հարազատ տան մէջ կը զգայ:
Սրբազան Հայրը կատարեց չորս մատնանշումներ, որոնք առաւել եւս կը հաստատեն իրարու հետ ըլլալը, աղօթելը եւ իբրեւ հայ եկեղեցի վկայելն ու գործելը. ա) Հայ երիտասարդները միասնաբար կը կարողանան ճանչնալ Քրիստոսը, հայ եկեղեցին, իրենց կեանքին իմաստն ու նպատակը, բ) Հայ եկեղեցին պարտականութիւն ունի հայ քրիստոնէական հաւատքով դաստիարակելու հայ երիտասարդները` առիթ ընծայելով փնտռելու, հասկնալու եւ գտնելու Քրիստոսը, գ) Հայ եկեղեցին կ՛ուզէ ընկերակցիլ հայ երիտասարդներուն, հանդիպիլ անոնց հետ եւ կանչել զիրենք դէպի հայադրոշմ սուրբ կեանք, դ) Հայ եկեղեցին պարտական է յարատեւօրէն հետապնդելու հայ երիտասարդները` առանց յուսահատելու: «Հայ եկեղեցին կը հարստանայ հայ երիտասարդութեամբ, որ սիրով, պատասխանատուութեամբ եւ տեսլականով իր դերը կը կատարէ հայ եկեղեցւոյ արեան առողջ շրջանառութեան մէջ», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկայ երիտասարդներուն մտածումներ եւ կարծիքներ փոխանակելու, նաեւ առաջարկներ ներկայացնելու Սրբազան Հօր: