Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու եւ ուսանողներու հանդիպում Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի հետ, որ ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները:
Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան բնագաւառին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները: Հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու պատասխանատուներ, երիտասարդներ եւ ուսանողներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան զրուցավար, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Արազ Գոճայեան բարի գալուստ մաղթեց եւ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի վերջին ընկերատնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւններու լոյսին տակ կայացած է այդ հաւաքը` աւելցնելով, որ բոլորս ալ ունինք մեր կարծիքները եւ մտածումները թէ՛ փողոցին մէջ տիրած ու տիրող կացութեան, թէ՛ խորհրդարանին, եւ թէ կառավարութեան մասին, բայց եւ այնպէս, վստահաբար, չկայ մէկը, որ համաձայն չըլլայ այն իրողութեան, թէ Լիբանան փոփոխութեան պէտք ունէր, որովհետեւ հարկ եղած կերպով չէր Լիբանանի կառավարման համակարգը:
Գոճայեան յայտնեց, որ այս փոփոխութեան ձգտումով սկսաւ 17 հոկտեմբերի շարժումը, որ սկիզբը բոլորին յոյս ներշնչեց, իսկ հետագային տարբեր պատճառներով տարաբնոյթ կեցուածքներու տուն տուաւ` շարժումին ինքնութեան շուրջ: «Այսուհանդերձ, հոս եւս կայ մեզ միացնող ազդակ մը` մեր գաղութը: Հաւանաբար հարցումը այն է, թէ ո՛ւր ենք որպէս հայ գաղութ այս բոլոր անցուդարձերուն մէջ», ըսաւ ան:
Շարունակելով իր խօսքը` Գոճայեան ըսաւ, որ երբ կառավարութիւնը ի վերջոյ կազմուեցաւ, հայ գաղութը ունեցաւ իր ներկայացուցիչը` նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ ստանձնեց երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նախարարին կենսագրականը:
Շարունակելով իր խօսքը` Գոճայեան ըսաւ, որ յաճախ կը խօսուի որոշում տուող դիրքերու վրայ կիներու ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ պատասխանատու պաշտօններու մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու մասին, լիբանանահայ գաղութը այս բոլորը գործնականացուց իր նախարարը նշանակելով Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որուն ստանձնած նախարարութիւնը համալիբանանեան ծաւալ ունի, եւ բոլորս վստահ ենք, որ նախարարը ճիգ պիտի չխնայէ երիտասարդութեան հարցերուն լուծումներ բերելու:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ հաւաքին նպատակն է ծանօթանալ նախարարութեան աշխատանքի ոլորտին ու լսել նախարարութեան ծրագիրը, նաեւ առաջարկներ ներկայացնել:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ նկատել տուաւ, թէ բոլորին ներկայութիւնը կը փաստէ իրենց գիտակցութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող նախարարին ճամբով գաղութը ունեցաւ իր ձայնը եւ պիտի արտայայտէ իր կամքը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար` հաստատելով, որ որպէս գաղութ եւ լիբանանահայութիւն այս եղած է մեր պատկերը` միասնականութիւն` վստահեցնելով, որ նոյն կամքով եւ ոգիով պիտի շարունակենք մեր երթը Լիբանանի մէջ գործելով: «Ես մօտէն ճանչցած եմ նախարարուհին եւ կը վկայեմ, որ այս պաշտօնը, որ իր ուսին դրուեցաւ ամենայն նախանձախնդրութեամբ, եւ որ գիտակցութեամբ պիտի կատարէ իր առաքելութիւնը` ի սպաս լիբանանահայ ժողովուրդին», շեշտեց հայր սուրբը` աւելցնելով, որ կարեւոր է երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնը, որովհետեւ այսօր մեր ամբողջ կեանքը, առօրեան, գործունէութիւնը հիմնուած է երիտասարդութեան եւ մանաւանդ երիտասարդութեան գործունէութեան ու երիտասարդական իմացականութեան վրայ: Հայր սուրբը բարի երթ մաղթեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին` աղօթելով, որ Աստուած համբերութիւն եւ ուժ տայ իրեն, որպէսզի կարենայ իր ուսերուն դրուած ծանր լուծը տանիլ. ան վստահեցուց, որ երիտասարդութիւնը անոր աջակից եւ անոր կողքին պիտի ըլլան` միշտ միասնականութիւն դրսեւորելով:
Այնուհետեւ խօսք առաւ նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին իր աջակցութեան համար, նաեւ բոլորին` իրենց ներկայութեան համար: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը լիբանանահայ համայնքին համար օտար նախարարութիւն մը չէ` աւելցնելով, որ այս նախարարութիւնը կազմուած է 2002 թուականին, եւ առաջին նախարարը եղած է հայ մը` Սեպուհ Յովնանեանը: 2005-ին դարձեալ այս նախարարութիւնը ստանձնած է հայ մը` Ալէն Թապուրեան, եւ այսօր ինք իբրեւ երրորդ հայ նախարար կը ստանձնէ այս նախարարութեան պատասխանատուութիւնը, իբրեւ լիբանանահայ համայնքի, ինչպէս նաեւ այս նախարարութեան առաջին կին նախարարը: Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այս նախարարութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ կ՛ուղղուի երիտասարդութեան: «Այս նախարարութիւնը ինծի համար եւ վստահ եմ, որ ձեզի համար ալ յոյսի նախարարութիւն է, որովհետեւ ես կը հաւատամ, որ մարմնակրթութեան ճամբով եւ անոր ընդմէջէն մենք կրնանք յաղթահարել ընկերային ախտերը եւ պայքարիլ մոլութիւններու դէմ: Նկատի ունենալով այսօրուան տագնապալի օրերը, մենք բոլորս կարիքը ունինք քով քովի գալու եւ միանալու, որպէսզի ներշնչումի աղբիւր ըլլանք թէ՛ երիտասարդութեան, եւ թէ կառավարութեան» ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ այս նախարարութիւնը շատ մօտ է իր սրտին, որովհետեւ ամէն օր կապի մէջ պիտի ըլլայ երիտասարդութեան հետ եւ պիտի հասկնայ անոր մտահոգութիւնները ու լսէ առաջարկները: Նախարարը նկատել տուաւ, որ այս նախարարութիւնը կը հոգայ Լիբանանի բոլոր խաւերուն եւ համայնքներուն երիտասարդական, մարմնակրթական միութիւններուն, ակումբներուն, ֆետերասիոններուն, վարչութիւններուն կարիքները` բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակութիւն տրամադրելով անոնց ու հետեւելով տարուած աշխատանքին: Եզրափակելով իր խօսքը` Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեան ըսաւ, որ եկած է լսելու երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն առաջարկները, որոնք պիտի ընդգրկուին նախարարութեան ապագայ ծրագիրներուն մէջ` նկատել տալով, որ արդէն իսկ նախարարութիւնը սկսած է ծրագրել հանդիպումներ երիտասարդներու հետ` համալսարանական կամ մարմնակրթական վարչութիւններուն հետ, որպէսզի նախաձեռնեն դասախօսական շարքերու: Ան նշեց, որ նախարարութիւնը ունի շատ ծրագիրներ, սակայն երիտասարդները պէտք է ներդրում ունենան անոնց մէջ: Անդրադառնալով 2020-ի ողիմպիական խաղերուն` նախարարը նկատել տուաւ, որ հաւանական է, որ Լիբանան 2 մետալ ձեռք ձգէ: Ան նաեւ ըսաւ, որ նախարարութեան ապագայ ծրագիրներէն մէկն է
Անտոնեան համալսարանին հետ կապեր հաստատել` նոր մարզիչներ կամ ուսուցիչներ մարզելու համար, ինչպէս նաեւ «ՖԻՊԱ»-ի եւ «ՖԻՖԱ»-ի հետ տեսակցութիւն պիտի ունենայ եւ ապագայ ծրագիրներ մշակէ:
Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու եւ առաջարկներ ներկայացնելու նախարարին: Հարցումներու առանցքը կազմեցին երկրի տնտեսական կացութիւնը, երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Խօսուեցաւ մարմնակրթական, սկաուտական, երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու կազմակերպչական դժուարութիւններուն մասին: Ներկայացուեցան կարգ մը առաջարկներ, որոնց շարքին մարզադաշտերու կառուցում, վարժարաններու մէջ մարզադաշտերու վերանորոգում, մարզանքը ներառել պետական քննութիւններուն մէջ, օտար խաղացողներ իրենց մասնակցութիւնը չբերեն լիբանանեան խումբերու մէջ, բոլոր մարզիկներուն առիթ տալ, որ մասնակցին բոլոր դասակարգերու մէջ իրենց տարիքին եւ կարողութեան համեմատ:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստան-Լիբանան համագործակցութիւն ծաւալելու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ծիրին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց նախարարին աշխատանքներուն:
Աւարտին նախարարը ըսաւ, որ ինք կը սպասէ բոլոր սկաուտական խումբերու վարչութիւններուն, որպէսզի ներկայանան նախարարութեան եւ միասնաբար խորհրդակցին իւրաքանչիւրի դժուարութիւններուն ու կարիքներուն, նաեւ մտածեն բոլոր համայնքներու սկաուտներուն հետ խզուած կապերը վերահաստատելու եւ միասնաբար ծրագիրներ մշակելու մասին: Ան նաեւ խնդրեց ներկայ երիտասարդներէն` ժամանակ տալ կառավարութեան, ինչպէս որ յիշուած էր` 100 օր, վստահեցնելով, որ անմիջական դժուարութիւններուն լուծում պիտի գտնեն: