Կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հասաւ Արաքս թաղի մուտքը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Յընթացս Ս. պատարագին, Առաջնորդ Սրբազանը օծեց 40 սուրբ զինուորները ներկայացնող սրբապատկեր մը, որ եկեղեցւոյ նուիրուած էր արուեստագէտ Գրիգոր Արբաճեանի կողմէ:
Իր քարոզին մէջ Սրբազանը, անդրադառնալով Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին, պատմական ակնարկ մը նետեց 40 սուրբերու կեանքին եւ բացատրեց, որ 4-րդ դարուն Սեբաստիոյ մէջ ապրած այդ 40 զօրականները կը ծառայէին հռոմէական կայսրութեան բանակին մէջ եւ քրիստոնէական իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար յանձն առին նահատակութիւնը, քան դաւաճանութեան ամօթը:
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ ժամանակները կրնան փոխուիլ, ժամանակի ընթացքին արժէքներն ալ երբեմն կրնան փոխուիլ, բայց պէտք է զգուշ ըլլանք, որպէսզի մեր նախորդ սերունդներուն հաւատքով կերտածը մենք անտարբերութեամբ չքանդենք: «Մեր նախնիները որքա՛ն հաւատք, որքա՛ն նուիրում, որքա՛ն բարեպաշտութիւն հաստատեցին իրենց կեանքին մէջ, բայց մասնաւորաբար իրենց ամրութիւնը հաստատելու համար իրենց կառուցած սրբարաններուն մէջ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` հարց տալով, թէ այսօր մենք` իրենց յաջորդները, ի՞նչ տեսակի հաւատքով կը գնահատենք մեր ծնողներուն եւ մեզ կանխող սերունդներուն հաւատարիմ եւ հաւատաւոր կեցուածքը:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ մենք աշխարհի մէջ կարիքը ունինք մեր սուրբերուն եւ մասնաւորաբար կարիքը ունինք սրբութեան, որպէսզի անով մեր կեանքը ամրացնենք: Ան նկատել տուաւ, որ սուրբերը աշխարհին մէջ քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան համար մղուած դարաւոր մաքառումներուն եւ պայքարներուն վկաներն են` աւելցնելով, որ անոնք պարզապէս չմեռան, այլ` Քրիստոսի սիրով նահատակուեցան, որպէսզի իրենց կեանքով Քրիստոսով փոխանցուած արժէքները ո՛չ միայն անհատապէս պաշտպանեն, այլեւ` իրենց շրջապատին մէջ տարածեն եւ այդ ձեւով ընկերութեան մէջ հոգիի մահը խափանեն ու քրիստոնէական կեցուածք զարգացնեն:
Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ, թէ մենք, որ այսքան սուրբերով եւ վկաներով շրջապատուած ենք, ինչպէ՞ս պէտք է զգանք մենք զմեզ անոնց նայուածքին դիմաց, նշելով միաժամանակ, որ քրիստոնեան իր հաւատքը միայն խօսքով չ՛ապրիր, այլ` իր շուրջ հաւատքի լոյս կը ճառագայթէ, բարիք եւ խինդ կը տարածէ ընկերութեան մէջ, այլապէս` ինչո՞վ կրնանք ստուգել մեր հաւատքին որակը, ինչո՞վ կրնանք հաստատել մեր քրիստոնեայ ըլլալու վաւերականութիւնը եւ ի՞նչ տեսակի կեցուածքով կրնանք պաշտպանել մեր հաւատքը աշխարհին մէջ, որ մեզ իր ֆիզիքական պայմաններով այնքան կը հեռացնէ մեր հաւատքի ըմբռնումներէն:
«Մենք սուրբերը չենք պաշտեր: Կը պաշտենք միայն զԱստուած, բայց իբրեւ Քրիստոսի ամէնէն սիրելի եւ ամէնէն մօտիկ անձեր, զանոնք կը պատուենք, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, որ անոնք մեր նմանները ըլլալով հանդերձ, նաեւ եղան նմանողները Քրիստոսի եւ այդ ձեւով յաղթահարեցին կեանքին մէջ իրենց դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերն ու խնդիրները», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը` նկատել տալով, որ պատուել կը նշանակէ յարգանքով եւ հաւատարմութեամբ անոնց յիշատակը պահել, բայց նաեւ մեր նուիրումին մէջէն անոնց ունեցած հաւատքը արտայայտել: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ սուրբերու տօնին առիթով անոնց յիշատակը պէտք է թարմացնենք, մեր ապրումներուն մէջ վերակենդանացնենք, զանոնք ոգեկոչենք, որպէսզի անոնց օրինակին ընդմէջէն մենք ուժ քաղենք, նաեւ ուրիշը ներշնչենք հաւատքի եւ յոյսի զօրութեամբ:
«Այս հաւատքի կառոյցը, այս եկեղեցին ուխտատեղի կը կոչուի, որովհետեւ մենք` իբրեւ ուխտաւորներ, այստեղ կու գանք մեր հաւատարմութիւնը յայտնելու Աստուծոյ, նաեւ պատիւ ընծայելու անոնց, որոնք դարերու ընթացքին քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին: Բայց, եթէ մեր հաւատարմութիւնը առողջ չէ, ապա չենք կրնար ուխտապահ ըլլալ, նաեւ չենք յաջողիր Աստուծոյ գերագոյն պարգեւը եղող սէրը տանիլ մեր նմաններուն, որոնք այսօր, երկրաւոր կեանքի պայմաններուն մէջ տագնապահար կը տառապին», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ սուրբերուն յիշատակը միայն կապուած չէ եկեղեցիներուն եւ միայն եկեղեցւոյ մէջ չի գտնուիր: Պէտք չէ մոռնանք, որ անոնց հոգին կը շրջի այստեղ, երկրաւոր պայմաններու մէջ, ինչպէս նաեւ երկինքի մէջ, եւ պէտք չէ մոռնանք, որ աշխարհին մէջ մենք ալ ուղեւորներ եւ ուխտաւորներ ենք, հետեւաբար մեր ալ քալած ճամբան մեզ պէտք է տանի Աստուծոյ փառքին: «Մենք ունինք մեր սուրբերուն յիշատակը, որպէսզի մեր թերացումներուն եւ անկումներուն մէջ անոնք մեզ երբեմն խրատեն, բայց նաեւ զգաստութեան հրաւիրեն, որպէսզի մենք մեր աշխարհը մաքրելով մենք զմեզ արժանի դարձնենք Աւետարանի ճշմարտութիւններուն», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը: