Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները:
Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ սոյն մրցանքը կը կազմակերպուի ամէն տարի, Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը վառ պահելու համար: Մխսեան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը` նկատել տալով, որ ազատամարտիկը եղած է Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի շրջանաւարտ, ապա յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր հետեւած է բնագիտութեան ճիւղին: 1992-ին գացած է Արցախ, որուն ազատագրութեան ճամբուն վրայ նահատակուած` այլ հերոս նահատակներու շարքին: Մ. Մխսեան կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ մրցանքին մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն:
Այս տարի Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ հայկական վարժարանները` Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Մխիթարեան վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան եւ Ազգային Միացեալ վարժարան:
Մրցումին տեւողութիւնը 2 ժամ էր: Իւրաքանչիւր բաժինի համար` միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր 2 նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը: Մասնակիցները ստանալէ ետք նիւթերը, իրենց մտածումներն ու զգացումները յանձնեցին էջերուն:
Յայտնենք, որ սոյն մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլի ճամբով եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ` տրամադրուած Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ: