Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի հովանին վայելող «Նարեկացի» գրատան, հինգշաբթի 26 դեկտեմբերին Նոր տարուան առիթով տեղի ունեցաւ Ամանորի հաւաք:
Արդարեւ, 300 մանուկներ ու պատանիներ իրենց ծնողներով համախմբուած էին գրատան դիմաց` տօնելու Կաղանդը եւ անցընելու հաճելի պահեր:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց առաջին հերթին «Նարեկացի» գրատան, որ համախմբած էր 300 փոքրիկները, որոնց անխտիր տրամադրուեցան նուէրներ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Avo’s Roastery-ին, ձայնի հաղորդավար Յովսէփ Թերզեանին եւ «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ»-ին (Powerful kids team)` գործակցութեան համար:
Այնուհետեւ ներկայ մանուկներն ու պատանիները բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ երգեցին, պարեցին եւ խաղացին` ընկերակցութեամբ Կրեթթային եւ «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ»-ի կերպարներուն` ձիւնեմարդուն, թզուկին եւ եղնիկին հետ:
Աւարտին անշուշտ ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ նուէրներ բաժնեց բոլոր փոքրիկներուն: