Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպումը Խումբ Մը Լիբանանահայ Երգողներու Եւ Ընկերակցողներու Հետ

Երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի եւ լիբանանահայ երգողներու եւ ընկերակցողներու հետ ծանօթացման իւրայատուկ հանդիպումը:

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ յայտնեց, թէ նշեալ հաւաքին նպատակն է սերտել երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները եւ մտիկ ընել ճշդուած ճիւղի ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու առաջարկները: Տէմիրճեան հաստատեց, որ տարբեր բնագաւառներու ներկայացուցիչներու հանդիպումները յառաջիկային պիտի շարունակուին պարբերական դրութեամբ:

Ապա ներկաները խօսեցան լիբանանահայ երգողները յուզող շարք մը խնդիրներու մասին: Մասնակիցները անդրադարձան գործակցութեան կարեւորութեան եւ շեշտեցին, թէ նմանօրինակ հաւաքներ անհրաժեշտութիւն են:

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ ինք պատրաստակամ է զօրակցելու հաւաքական նախաձեռնութիւններուն` միասնաբար որոնելով անհրաժեշտ եւ կարելի լուծումներ:

Նարեկ Սրբազան ներկայացուց քննարկումներէն բխած 11 առաջարկներ եւ աւելցուց, որ լիբանանահայ երգողները բեմերուն վրայ գտնուելու կողքին նաեւ մեր կեանքին մէջ ներկայ պէտք է ըլլան` իրենց մասնակցութիւնը բերելով մեր հոգեւոր եւ ազգային իրականութեան: Նարեկ Արքեպիսկոպոս մաղթեց, որ մեր երգողները եւ ընկերակցողները հաւաքաբար կազմեն համախմբում մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ համակարգել աշխատանքները, ստեղծել շարժառիթներ ու գործելադաշտեր եւ մտահոգութիւնները լսելի դարձնել հասարակութեան:

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը պատրաստակամ է իրականացնելու հոգեւոր շարականներու երգեցողութեան սկաւառակներ, պատրաստելու հոգեւոր-ազգային երգերու տեսերիզներ` համապատասխան ծրագիրով եւ նիւթական կարելիութիւններու ուսումնասիրութեամբ: