Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնախումբին

Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աթշանէի վանքին մէջ իր հերթական ժողովը գումարող Անկլիքան-Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաբանական յանձնախումբի անդամներուն:

Ժողովականներ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր այցելութեան համար եւ իրենց աշխատանքին մասին զեկուցեցին:

Յայտնենք, որ շուրջ 20 տարի առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ ընթացք առած այս երկխօսութեան նախաձեռնողներէն մին էր Նարեկ Սրբազան: