Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Զահլէ

Շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Զահլէ, ուր հերթաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզեֆ Մուաուատի, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշի եւ ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆարի հետ: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները` Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան եւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան, Ազգային երեսփոխան Կարպիս Պչաքճեան, թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ Յակոբ Լուսարարեան եւ Զարեհ Խտրլարեան եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետներէն Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Ճորճ Փուչիկեան եւ Նազօ Անտէքեան:

Այցելութիւններուն Սրբազան Հայրը համատեղ աղօթք կատարեց տուեալ համայնքի մայր եկեղեցւոյ մէջ: Հանդիպումները առիթ հանդիսացան քննելու Լիբանանի միջեկեղեցական կեանքը եւ գործակցութեան կարելիութիւնները: Հոգեւոր պետերը Սրբազան Հօր առաջնորդ ընտրութիւնը շնորհաւորեցին եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ սրբազանին ունեցած վաստակին եւ դերին համար:

Կէսօրին, Նիքոլա Ապու Ֆայսալի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ, որուն նաեւ ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, հայ եւ օտար հոգեւոր պետեր, գործատէրեր եւ քաղաքական գործիչներ: Ճաշկերոյթի աւարտին Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ուղղեց իր սրտի խօսքը եւ Նիքոլա Ապու Ֆայսալին յանձնեց յուշանուէր մը:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին տեղի ունեցաւ Զահլէի հայկական շուկային բացումը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Էլի Մարունիի, Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զըղէյպի եւ շրջանի ներկայացուցիչներուն: Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, եւ այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց Զահլէի քաղաքապետին:

100 տարուան կեանք ունեցող այս շուկային հայկական անուանումին առիթով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ Զահլէ-Մաալաքա Թաանայէլի քաղաքապետական խորհուրդը` նախագահութեամբ Ասաատ Զղէյպի, քաջ եւ յանդուգն որոշում տուաւ ժողովրդային շուկան կոչելու Հայկական շուկայ` տեղւոյն իշխանութեան պաշտօնական որոշումով աւելցնելով, որ այդ որոշումին զուգահեռ վերանորոգուեցաւ եւ կուպրապատուեցաւ քաղաքապետարանին կից ճամբան, ինչպէս նաեւ անիկա լուսաւորուեցաւ Զահլէի ելեկտրական ընկերութեան կողմէ:

Երեկոյեան Սրբազան Հայրը այցելեց շրջանի հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ հովիւին` տէր Ալիշան Աբարդեանի կողմէ:

Ապա Սրբազանը աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Զահլէի հոգեւոր հովիւներուն եւ թաղականութեան հետ, ինչպէս նաեւ Ժալալայէն եկած հայորդիներուն հետ: Հանդիպումներուն քննուեցան եկեղեցական ու համայնքային խնդիրներ եւ սերտուեցան նոր ծրագիրներ մշակելու կարելիութիւնները:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ի պատիւ Սրբազան Հօր, «Մոնթէ Ալպերթօ» պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին խօսք առաւ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց, որ Լիբանանի հայոց թեմը մէկ ամբողջութիւն է, եւ գոյութիւն չունին հեռաւոր կամ մօտաւոր եւ մեծ կամ փոքր շրջաններ: Սրբազանը նշեց, որ Այնճարի, Զահլէի, Շթորայի, Ժալալայի եւ Ռայաքի հայութեան միակամ ճիգերով կարելի է պահպանել հոգեւոր ու ազգային արժէքները եւ արձանագրել նոր նուաճումներ:

Յաջորդ օրը, կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն նախագահեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբազան Հօր հետ ժողովրդային հանդիպում եւ աջահամբոյր: Հանդիպումին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր: Հաւաքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը քաջալերեց Զահլէի հայ համայնքի կեանքին վերածաղկումը եւ այս առիթով դրական տեղաշարժ նկատեց շրջանի կիրակնօրեայ դպրոցի վերստեղծումն ու համապատասխան աշխուժութիւնը:

Կէսօրին, Սրբազանը ճաշի հանդիպում մը ունեցաւ Զահլէի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:

Բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին, հոգեւոր պետեր եւ քաղաքական պատասխանատուներ մեծապէս գնահատեցին ընդհանրապէս լիբանանահայութեան եւ ի մասնաւորի Զահլէի ու Պեքաայի մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներուն ունեցած դերակատարութիւնը: