Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի վերաբացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու եւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու:

Օրհնութեան կարգէն ետք, Սրբազան Հայրը հաւաստիացուց, որ սոյն պահը բոլորին համար ուրախութեան առիթ մըն է, որովհետեւ «Գրատուն Նարեկացի»-ի նոր տեսքը եւ վերանորոգութիւնը ցուցանիշ է այն սկզբունքին, թէ կեանքը միշտ յառաջդիմութիւն է: «Վստահ եմ, որ տարբեր դիմագիծ ունէր այս հաստատութիւնը, երբ նոր բացուեցաւ եւ ժամանակի ընթացքին բարեփոխութիւններու ենթարկուեցաւ. ահաւասիկ այսօր նոր փուլ մը կը թեւակոխէ` իբրեւ հայ մշակոյթի եւ հայ գիրքի նուիրուած հաստատութիւն` Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ ամէն անգամ, երբ կը տեսնենք մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, կրթական հաստատութիւններուն ծաղկումը եւ վերածաղկումը, մեր հոգիները ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լեցուին, որովհետեւ այս բարեփոխութիւնները կու գան հաստատելու, թէ մենք մեր առաքելութեան մէջ բծախնդիր ենք, հետեւողական ենք եւ կը փորձենք մեր կարելին ի գործ դնել` ներկան եւ ապագան իրարու առնչելու համար:

«Կը շնորհաւորեմ բոլորս այս առիթով եւ կը մաղթեմ, որ մեր բոլոր հաստատութիւնները միշտ ծաղկուն եւ բարգաւաճ մնան եւ հասնին մեր ժողովուրդի զաւակներուն բիւր կարիքներուն», եզրափակեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս` յաջողութիւն մաղթելով «Գրատուն Նարեկացի»-ին եւ բոլորին ճիգերուն` ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարգաւաճման համար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: