Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Լիբանանահայ գաղութի կառոյցներու ծանօթացման այցելութիւններու շրջագիծին մէջ,  հինգշաբթի 29 նոյեմբեր 2018-ին,  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Հայկազեան համալսարան, ուր դիմաւորուեցաւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ համալսարանի անձնակազմին կողմէ:

Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ վեր. Հայտոսթեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայեցի դաստիարակութեան վիճակն ու հայկական վարժարաններու ներկայ կացութիւնը եւ Հայկազեան համալսարանի ներդրումը հայեցի դաստիարակութեան ու կրթական աշխատանքներու բարելաւման բնագաւառներուն մէջ:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համալսարանի նախագահին ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ համալսարանին մէջ` ծանօթանալով զանազան բաժանմունքներուն, անձնակազմին եւ ուսանողութեան:

Շրջագայութենէն ետք, Նարեկ Արքեպիսկոպոս խումբ մը ուսանողներու դասախօսեց «Հայ ինքնութեան ըմբռնողութիւնը Լիբանանի հայոց թեմին դիտանկիւնէն» նիւթը:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ազգային առաջնորդարանը Լիբանանի հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր-ազգային կեդրոնն է, որ կը կառավարուի ժողովրդավարական հիմունքներով` հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ: Նարեկ Արքեպիսկոպոս հաստատեց, որ եկեղեցին ժողովուրդէն եւ ժողովուրդը եկեղեցիէն փոխադարձ ակնկալութիւններ ունին` պարտականութիւններու, պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու վրայ խարսխուած:

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ պէտք է մտիկ ընել երիտասարդութեան մտահոգութիւնները, առաջարկները եւ սպասումները` անոնց տալով պատասխաններ եւ միասնաբար գործելով, որպէսզի եկեղեցի-երիտասարդութիւն կապը ամրապնդուի: Նարեկ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Ազգային առաջնորդարանը հայութեան բաբախող սիրտն է եւ պատասխանատուութիւնը ունի մեր բոլոր կառոյցներուն արեան հեզասահ շրջանառութիւնը երաշխաւորելու, որպէսզի մեր բոլոր մարզերը յաջող եւ արդիւնաւոր ըլլան»: Դասախօսութեան ընթացքին Նարեկ արքեպիսկոպոս ուսանողներուն ներկայացուց առաջնորդարանի կազմակերպական կառոյցը, աշխատանքային բաժանմունքները եւ բազմաբնոյթ ծրագիրները:

Դասախօսութենէն ետք, ուսանողները իրենց հարցումներուն ընդմէջէն ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ եւ տեղեկութիւններ: