Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Միջեկեղեցական Երիտասարդաց Համագումարին Մասնակիցները

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս կիրակի, 24 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հիւրընկալեց Թեզէի միջեկեղեցական միաբանութեան կազմակերպած երիտասարդական միջազգային հաւաքին մասնակցող Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն եկած 200 երիտասարդներ:

Երեկոն եզակի առիթ մը հանդիսացաւ հայկական ճաշերով, պարերով, երգերով եւ երաժշտութեամբ հայ մշակոյթը հրամցնելու համատեղուած երիտասարդութեան:

 

Ողջոյնի խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ եւ հաւաքի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Հրանդ վրդ. Թահանեան:

Օրհնութեան խօսքով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ Թեզէի առաքելութեան իւրայատկութիւնը ընդգծեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս: «Այս առաւօտ Անթիլիաս մայրավանքին մէջ եւ այսօր այստեղ դուք տեսաք, թէ հայ եկեղեցին իսկապէս հայ ազգին եկեղեցին է եւ միաժամանակ ան խորապէս կը հաւատայ, որ բոլոր քրիստոնեաները մէ՛կ ընտանիք են, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած են, Քրիստոսի սուրբ արիւնով փրկուած են եւ Սուրբ Հոգիի շնորհաձիր ներգործութեամբ կ՛ապրին», ըսաւ Սրբազանը եւ մաղթեց, որ Լիբանանի հնգօրեայ ներքրիստոնէական փորձառութիւնը խթան դառնայ եկեղեցիներու առաւել մերձեցման` շրջանին մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին, շնորհիւ երիտասարդութեան քրիստոնէական վկայութեան գործուն մասնակցութեան: