Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս երէկ եւս շարունակեց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ, այս անգամ սակայն Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Նորընտիր Սրբազանին շնորհաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ժան Օղասապեան, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանի ներկայացուցիչ, դեսպանի տեղակալ Ահմետ Հիւսէյնի, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի ներկայացուցիչ, դեսպանի Ա. քարտուղար Սթեֆանի Սալհա, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, ասորի ուղղափառ համայնքի Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ հայր Քուարթես Ապիատ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի ներկայացուցիչ շէյխ Շերիֆ Խալտուն, Իսլամ հոգեւորականներու համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ուալիտ Սֆէյր, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Նիքոլա Սալլում, երեսփոխան Ժան Օպէյտի ներկայացուցիչ Էլի Օպէյտ, արդարութեան նախարարի ներկայացուցիչ, դատաւոր Ալպեր Գույումճի, վեր. Ֆատի Տաղեր, Ֆանարի քաղաքապետ Ժորժ Սալամէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի ներկայացուցիչ, գնդապետ-զօրավար Ժորժ Հատտատ, Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի ներկայացուցիչ, գնդապետ-զօրավար Ժորժ Պալըքեան, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետի ներկայացուցիչ, գնդապետ-զօրավար Ֆատի Նասրէտտին, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի ներկայացուցիչ, գնդապետ-զօրավար Մարուան Ասմար, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Էտի Մաալուֆի եւ Անթուան Փանոյի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Իմատ Ուաքիմի, Հըզպալլայի ներկայացուցիչներ Ամին Շըրրի եւ Ապու Սայիտ Խանսա, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նազարէթ Նաճարեան, Լիբանանի Դատական գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ժան Ֆահըտ, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի ներկայացուցիչ շէյխ Ղասսան Հալապի, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Կաթողիկէ տեղեկատուութեան կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասըմ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ Պասիլ Ուտ, երեսփոխան Անուար Խալիլի ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Ղրայեպ, գնդապետ Մոհամետ Նուրէտտին, վաշտապետ Սարգիս Գարակէօզեան եւ քափիթեն Էլի Մալեան: