Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Պէրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարեց յատուկ նիստ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը:

Ժողովը սկսաւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի աղօթքով, որմէ ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ընթերցեց Թեմական կանոնագրութեան մէջէն առաջնորդի ընտրութեան վերաբերող օրէնքները եւ ներկայացուց անցնող շաբաթներուն, Ազգային վարչութեան Խառն ժողովին կողմէ առաջնորդի ընտրութեան համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն պատկերը: Պարզուեցաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ` ընդառաջելով Խառն ժողովի խնդրանքին, արդէն իսկ ներկայացուցած էր ընտրելի միաբաններու հնգանուն ցանկ մը` բաղկացեալ Կոմիտաս Արք. Օհանեանէ, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանէ, Մակար Եպս. Աշքարեանէ, Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանէ եւ Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնդէզեանէ:

Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ համաձայն թեմի կանոնագրութեան նախատեսութեան, վեհափառ հայրապետին տրամադրած ընտրելիներու ցանկէն կազմած է թեկնածուներու եռանուն ցանկ, որուն մաս կը կազմեն Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Մակար Եպս. Աշքարեանի անունները:

Այնուհետեւ, ժողովականներուն բաժնուեցան քուէաթղթիկներ, որպէսզի թեմի կանոնագրութեան 16-րդ յօդուածին համաձայն, գաղտնի քուէարկութեամբ տեղի ունենայ առաջնորդի ընտրութիւնը:

Քուէարկութեան աւարտին, դիւանը կատարեց քուէախոյզ աշխատանքը եւ պարզուեցաւ, որ 34 քուէարկող Ազգային երեսփոխանները միաձայնութեամբ իրենց քուէն տրամադրած են Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին:

Դիւանին անունով, Գառնիկ  Մկրտիչեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան երեսփոխանական ժողովի անդամներուն միաձայն քուէով կ՛ընտրուի Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ:

Աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան վստահեցուց Ազգային երեսփոխանները, որ անոնց կողմէ արժանաւորներուն մէջէն իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուած է արժանաւորագոյնը, որ յառաջիկայ վեց տարիներուն, բոլորին գործակցութեամբ թեմական աշխատանքները կրնայ տանիլ դէպի նոր վերելք ու իրագործումներ: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ յառաջիկայ փուլը Լիբանանի հայոց թեմին եւ Լիբանանի ընդհանուր կեանքին մէջ ըլլայ ծաղկուն վերելքի շրջան մը, եւ յիշեցուց, որ վաղը առաւօտուն, Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանին կողմէ ընտրութեան արդիւնքը պաշտօնապէս պիտի փոխանցուի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` առ ի պաշտօնական վաւերացում:

Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով, որմէ ետք, յիշատակի լուսանկարի համար, ժողովականները հաւաքուեցան Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մուտքին:

Յայտնենք, որ կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան պիտի մատուցէ հրաժեշտի Ս. պատարագ: Պատարագի միջոցին, կէսօրէ առաջ ժամը ճիշդ 11:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի պաշտօնական դիմաւորութիւնը: Այնուհետեւ, նորընտիր առաջնորդը իր անդրանիկ պատգամը պիտի ուղղէ հաւատացեալ ժողովուրդին: Ս. պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Ազգային վարչութիւնն ու նորընտիր առաջնորդը պիտի ընդունին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

 

 

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Ծնած է 10 մայիս 1962-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Աւազանի անունն է Մանուկ:

Նախակրթութիւնը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ:

1973–1974 կրթական տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը:

21 յունիս 1981-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ անդամակցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:

1981-1985 դպրեվանքին մէջ վարած է հսկիչի եւ ուսուցիչի պաշտօններ ու դասաւանդած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ:

1985-1986 եղած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գաւազանակիրը:

1986-1991 աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Վանքուվըրի (Քանատա) մէջ եւ իբրեւ հովիւ ծառայած է տեղւոյն համայնքին:

1991-1997 իր հովուական ծառայութիւնը շարունակած է Նիւ Ճըրզիի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մէջ:

1997-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչի պաշտօնը:

12 մայիս 2002-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ:

31 հոկտեմբեր 2010-ին ստացած է արքութեան տիտղոս:

9 մայիս 2011-ին ստացած է դոկտորական վկայական Պրիթիշ Քոլոմպիայի համալսարանի Վանքուվըրի Աստուածաբանական դպրոցէն:

2013-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրան եպիսկոպոսի պաշտօնը:

2014-2015 եղած է Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ:

31 օգոստոս 2018-ին ընտրուած է Լիբանանի հայոց առաջնորդ:

Հեղինակ է հայ եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան նուիրուած հատորներու եւ յօդուածներու: