Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի նորընտիր Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման բարի գալստեան խօսքէն ետք, ժողովը յառաջացուց իր մնայուն դիւանը ատենապետ ընտրելով Տիար՝ Վիգէն Աւագեանը, փոխ ատենապետ՝ Ալեքսան Մուրատեանը եւ երկու քարտուղարներ՝ Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան եւ Վիգի Գարագաշեան-Այնթապլեան։
Սրբազան Հօր արտասանած Տէրունական աղօթքէն ետք, նաեւ «Հոգւոց» աղօթքը արտասանուեցաւ ի յիշատակ Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկու հանգուցեալ անդամներուն՝ Գառնիկ Մկրտիչեանին ու Տիգրան Գալայճեանին, որոնք զոհը դարձան «Քորոնա» համավարակին:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը, որով Վեհափառը վաւերացնելով Երեսփոխանական ժողովի նորընտիր անդամները, գոհունակութեամբ կը նշէր, որ հակառակ երկրէն ներս տիրող դժուար պայմաններուն՝ թեմը յաջողեցաւ կազմակերպել Ազգային երեսփոխաններու ընտրութիւնը։ Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը նշէր, թէ շնորհիւ մեր հաւաքական հաւատքին եւ վճռակամութեան, լիբանանահայութիւնը կրցաւ տոկալ զինք շրջապատող ընկերատնտեսական անկանխատեսելի դժուարութիւններուն: Ան կը թելադրէր միասնական ճիգով ու նուիրեալ աշխատանքով շարունակել մեր համայնքի վերականգնումի եւ վերակազմակերպումի աշխատանքները եւ կը շեշտէր, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մնայ զօրակից եւ գործակից Լիբանանի Հայոց Թեմի բոլոր աշխատանքներուն։
Վեհափառը նաեւ նշած էր, որ Անթիլիասի մէջ 7-9 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային ընդհանուր ժողովին, Լիբանանի թեմի մասնակցութիւնը աշխուժ պէտք է ըլլայ՝ գործնապէս ցոյց տալու համար հայաշխարհին, թէ լիբանանահայութիւնը կենսունակ է իր կեանքով եւ յանձնառու իր համազգային դերակատարութեան մէջ։ Վեհափառը յայտնած էր, որ Ազգային ընդհանուր ժողովը նաեւ առիթ է, որ Լիբանանի թեմը իր շնորհակալութիւնը յայտնէ բոլոր այն թեմերուն եւ ազգայիններուն, որոնք տագնապներու ընթացքին զօրավիգ կանգնեցան լիբանանահայութեան։
Ապա ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովին մասնակցող Թեմի հետեւեալ15 պատգամաւորներն ու 3 անձնափոխանորդները.-
1. Մկրտիչ Մկրտիչեան
2. Յակոբ Բագրատունի
3. Յակոբ Գ․ Հաւաթեան
4. Յակոբ Լուսարարեան
5. Էլի Թաշճեան
6. Շահան Գանտահարեան
7. Վիգէն Աւագեան
8. Վաչէ Նաճարեան
9. Զաքար Քէշիշեան
10. Րաֆֆի Սիսլեան
11. Ալեք Մուրատեան
12. Վարդինէ Օհանեան
13. Մարտիկ Պօղոսեան
14. Վարդգէս Խօշեան
15. Յակոբ Լատոյեան
Փոխ անդամներ
1. Վահրամ Էմմիեան
2. Սեպուհ Այնթապլեան
3. Յակոբ Տէր Ղուկասեան
Այնուհետեւ, Ազգ. Վարչութեան մասնաւոր հրաւէրով, Սփիւռքի տարուան առիթով հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, որ 2022 տարեսկիզբին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակագրի ընդհանուր խորագիրներու մէջբերումով, ներկայացուց Սփիւռքին դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ Սփիւռքը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով յիշեցուց, թէ միացեալ ճիգ ու կամք անհրաժեշտ են, որպէսզի Թեմական եւ համայնքային մակարդակներու գործակցութեամբ տեղի ունենայ այդ գործընթացը:
Այնուհետեւ, եզրափակիչ իր խօսքով, Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Տիգրան Ճինպաշեանին եւ յիշեցուց, որ այս առիթով բոլորս ալ կը գիտակցինք, թէ մասնաւորաբար անցնող քանի մը անկումային տարիներուն, մեր կեանքէն ներս շատ բան խախտեցաւ։ Ուստի, Սրբազանը յիշեց, թէ մեր ուժերը լարելով, պէտք է վերանայինք ու վերատեսութեան ենթարկենք մեր ունեցած պարտականութիւններն ու աշխատանքները, որպէսզի խիզախ քայլերով, մեր հաւաքականութիւնը պահենք յառաջապահ դիրքի վրայ, եւ վաղուան մեր կեանքին համար գոյացնենք նոր վաստակ։
Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով։