Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Արժանի Շուքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը

Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին յատուկ մեծարանք կը շնորհէ Աստուածամօր: Տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով, հոգեզմայլ ներբողներով, շարականներով ու աղօթքներով կը փառաբանէ անոր անարատ յղութիւնը, սրբութիւնը, խոնարհութիւնը, հնազանդութիւնը եւ իր անարատ մօր սէրն ու գուրգուրանքը իր միածին որդիին հանդէպ:

Ըստ եկեղեցական տօնացոյցին, կը նշուին, Աստուածամօր ծնունդի տօնը Յովակիմէն եւ Աննայէն, Անոր ընծայման տօնը, Գաբրիէլ հրեշտակէն Ս. հոգիով յղացման եւ աւետման տօնը, Աստուածամօր գործածած տուփին եւ գօտիին գտնուելու տօնը եւ վերջապէս յետ մահու անոր երկինք փոխադրուելու` Վերափոխման տօնը:

Ընծայումն Ս. Աստուածածնի տօնը սկսած է յիշատակուիլ, երբ Եփեսոսի Տիեզերական ժողովին մէջ ընդունուած եւ հաստատուած է Աստուածամօր «ծնող եւ մայր Աստուծոյ» ըլլալու իրողութիւնը եւ անիկա իբրեւ անշարժ տօն կը յիշուի ամէն տարի 21 նոյեմբերին:

Արդ, ընծայումն Ս. Աստուածածնի տօնը կը զուգադիպի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին:

 

Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ժողովրդային ընդունելութեան արժանացաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին առջեւ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղականութիւնը, դպրաց դասը, իսկ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը տօնական երաժշտութեամբ առաջնորդեց զինք Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդ սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի եւ մատուցեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան Ս. պատարագը:

Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Յաւարտ Ս. պատարագի քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան բացատրողական մը տուաւ Ընծայումն Ս. Աստուածածնայ տօնին: Ըստ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ աւանդութեան, Ս. կոյս Մարիամ Յովակիմի եւ Աննայի դուստրն էր: Աննա ամուլ էր եւ Մարիամ` ուխտի զաւակ: Համաձայն այս ուխտին, երբ Մարիամ երեք տարեկան եղաւ, ծնողքը զինք ընծայեց տաճարին, որպէսզի հոն նուիրեալ այրիներու ու կոյսերու խնամքին եւ հոգատարութեան ներքեւ` աստուածային պաշտամունքով մեծնայ եւ տաճարին ծառայէ: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Աստուածամօր մաքուր եւ առաքինի կեանքին ու նուիրումին հաւատացեալներուն թելադրեց հետեւիլ անոր օրինակին` սրբութեան կեանքին:

Ս. պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բարերարներու, քահանայ հայրերու եւ ծառայածներու հոգիներուն համար: Ապա կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

 

Քերմէս Եւ Տօնավաճառ` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Յարակից  Փողոցին Մէջ

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան մեկնարկը տրուեցաւ շաբաթ, 17 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, երբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ աղօրհնէք կատարուեցաւ Առաքել քհնյ. Տըմտըմեանի կողմէ, ապա մատաղցու ոչխարները զենուեցան:

Այնուհետեւ շրջանին մէջ հայաշունչ եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու առումով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, համագործակցաբար շրջանին մէջ գործող միութիւններուն, եկեղեցւոյ յարակից փողոցին մէջ կազմակերպեց քերմէս-տօնավաճառ: Այս նախաձեռնութեան իր մեծ նպաստը բերաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը:

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տըմտըմեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ: Ան նշեց, որ Ս. Աստուածածնայ ընծայման տօնին կը կատարուի եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, այս առիթով կը պատրաստուի մատաղ` հաւատացեալները պատրաստելով այս առիթին: Տէր հայրը խօսելով քերմէս-տօնավաճառին մասին ըսաւ, որ կազմակերպման նպատակը համախմբել է շրջանի հայութիւնը Նոր Ատանա թաղամասին մէջ եւ ստեղծել հայկական աւանդական մթնոլորտ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաւորաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձնել:

Առաքել քահանային խօսքէն ետք ընթացք առաւ յայտագիրը: Յաջորդաբար հանդէս եկան Տատօ քլաուն` զուարճալի խաղեր կազմակերպելով, Կարինէ Ներսէսեան` մանկական յայտագիրով, Վիգէն Տիշչէքէնեան, Մհեր Չափարեան, Նժդեհ Շահինեան` հայկական երգերով, իսկ Տի. Ճէյ. Աւիսթօ կրուփ` հայկական երգերու սփռումով:

Քերմէս-տօնավաճառին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» եւ «Րաֆֆի» մասնաճիւղերը, «Նաւասարդեան» եւ «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնները, ՀՄԸՄ «Ժտէյտէ» մասնաճիւղը, որ մուտքին կառուցած էր նաեւ տօնական կամար, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» եւ «Կարինէ» մասնաճիւղերը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասն ու Կիրակնօրեայ դպրոցը: