Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, շաբաթ, 31 յուլիս 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նորոգեալ եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգը:

Իր քարոզին սկիզբը Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ներկայ կեանքի արտասովոր պայմաններուն մէջ առիթ ստեղծեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ գործակցաբար վերանորոգեն եկեղեցին, որ տասնամեակներ շարունակ իր միջավայրին մէջ ապրող ժողովուրդին զաւակներուն համար եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հաւատքի միջնաբերդ: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ շէնքը եւ քարերը նորոգելը համեմատաբար դիւրին աշխատանք է` աւելցնելով, որ կարեւորը եւ դժուարինը իւրաքանչիւրին մէջ կառուցելն է հոգեւոր այն տաճարը, որուն անկասկած կարիքը կը զգանք բոլորս յատկապէս ներկայ ժամանակներուն:

«Պէտք է հոգիով ըլլանք մաքուր եւ զօրեղ, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ տաճար երկրաւոր այս կեանքի պայմաններուն մէջ մեր քայլերը մնան ուղիղ ու հաստատ եւ կեանքէն եկող դժուարութիւններն ու փոթորիկները չջնջեն եւ չխորտակեն մեզ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ այդ սպասումով վերանորոգուած է այս սրբարանը, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ իր աղօթանուէր կեանքը շարունակել` իր աղօթքներն ու սրտի բաղձանքները վերառաքելով առ Աստուած, վստահ ըլլալով, որ Աստուած կը լսէ իւրաքանչիւրին սրտի իղձերն ու փափաքները եւ մեզ ալեկոծ մեր առօրեայ կեանքի պայմաններէն դուրս հանելով կ՛առաջնորդէ դէպի լուսաբաց հորիզոններ:

Առաջնորդ Արբազանը աղօթեց եւ մաղթեց, որ հայ եկեղեցիով շարունակաբար ըլլանք գիտակից եւ զօրեղ, հաւատարիմ` մեր նախնեաց օրինակին, որոնք անապատներէն դուրս ելլելէ ետք սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ նախ սրբարաններ հաստատեցին, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքը սրբութեամբ առաջնորդենք: «Հետեւաբար, մեզ կանխող սերունդներու աւանդը մեր սրտերուն տանելով այսօր խնդրենք Աստուծմէ, որ իր սրբութիւնը առատացնէ այս տան, բայց նաեւ այս տունին շարունակութիւնը եղող մեր յարկերուն մէջ, որպէսզի ամէն տեղ եկեղեցւոյ սրբազան հաւատքով մենք մնանք զօրեղ, ըլլանք գիտակից, արժանի հետեւորդները մեզ կանխող սերունդներուն` քաջ գիտնալով, որ կեանքը վերստին մռայլն ու դժուարը թօթափելով կը վերադառնայ գեղեցիկին, որուն մէջ մենք մեր ընտիր ուժերը սերմանելով անկասկած դարձեալ բարիք կը քաղենք մեր շրջապատէն ու մեր առօրեայէն», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ օրհնեց ժողովուրդն ու տաճարը` աղօթելով, որ սոյն եկեղեցին սրբութեան տուն մնայ եւ նուիրումի տաճար` բոլորին աղօթքներով: