Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նախավկայ մարտիրոս Ս. Ստեփանոսի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի քահանայից դասը եւ թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները:
Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագները, կիսասարկաւագները, դպիրներն ու դպրուհիները` ղեկավարութեամբ Կարօ սրկ. Քէլէշեանի:
Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, թէ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան մէջ գտնուողներուն համար Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը ունի մեծ նշանակութիւն: Ան նշեց, որ Նոր կտակարանի «Գործք առաքելոց» գիրքը կը խօսի եկեղեցւոյ ծառայութեան հրաւիրուած առաջին եօթը սարկաւագներուն ընտրութեան մասին: Ս. Ստեփանոս նախավկայ առաջին սարկաւագը յիշատակելի գործունէութիւն կը տանի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` անդրանցելով իրեն վստահուած խորանի սպասարկութեան պարտականութիւնը, ան նաեւ ինքզինք կ՛ընծայէ Աւետարանի քարոզչութեան գործին եւ ընկերութեան մէջ Աւետարանով ներկայացուած հաւատքը տարածելու ու պաշտպանելու սրբազան աշխատանքներուն: Իր գործունէութիւնը ժողովրդային շրջանակներուն մէջ կը դառնայ այնքան ուշագրաւ, որ հրեայ կրօնաւորները եւ օրէնքի ուսուցիչները վրդովուած ամէն հնար ի գործ կը դնեն, որպէսզի զինք չէզոքացնեն: Ի վերջոյ հրեայ բարեպաշտներու տրամադրութիւնները գրգռելով զինք կ՛առաջնորդեն բարձրագոյն ատեան ու այնտեղ կը դատապարտեն մահուան: Քաղաքի պարիսպներէն դուրս տանելով զինք կը քարկոծեն, եւ իր հոգին կ՛աւանդէ Ս. Ստեփանոս` Տիրոջ ներումը խնդրելով բոլոր անոնց համար, որոնք պատճառ դարձան իր մահուան:
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի այսօրուան պատգամը ծառայութիւնն է իր կեանքի օրինակին ընդմէջէն: Ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատքով ու նուիրումով, որ սահման չի ճանչնար:
Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի տօնին առիթով առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց բոլոր հոգեւորականները եւ սարկաւագները, դպիր- դպրուհիները, որոնք իրենց մասնակցութեամբ հայ եկեղեցին շէն ու պայծառ կը պահեն:
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմին մէջ ծառայած ննջեցեալ բոլոր սարկաւագներուն հոգիներուն համար:
Ս. պատարագէն ետք սիրոյ սեղան մատուցուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հրաւէրով` եկեղեցւոյ «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի թեմի Միջդպրաց դասերու յանձնախումբի պատասխանատու Խաչիկ Ա.քհնյ. Միսիրեան: Ան նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկն է: Նահատակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին հետ առնչակից եղաւ եւ կողք-կողքի քալեց: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքին համար աշխարհի մէջ առաջին ազգը եղաւ, որ հաւաքաբար նահատակուեցաւ, բայց նահատակութեան խորհուրդով վերստին կեանքի կոչուեցաւ: Ս. Ստեփանոս հաւատաց Քրիստոսին, իր առաքելութեան եւ կոչումին: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց եկեղեցւոյ սպասաւորներուն բարձրագոյն նախանձախնդրութեամբ, կարգապահութեամբ եւ իմաստութեամբ կատարելու իրենց պարտականութիւնը:
Բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Գօգօ Աւագեան: Ան նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը կը յիշեցնէ ծառայութեան եւ աշխատանքի հիմնական պայմանները այն նուիրեալներուն, որոնք բարձր գիտակցութեամբ եւ կամովին կը ծառայեն Ս. Սեղանին` իրենց թանկագին ժամանակը տրամադրելով հոգեւոր ծառայութեան եւ մասնակցելով ծիսական պարտականութիւններու:
Սիրոյ սեղանին թամատան էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի խմբավար Վազգէն Կենտիմեան:
Հուսկ գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Լիբանանի թեմի դպրաց դասերուն մասնակցութեամբ:
Այնուհետեւ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին կողմէ ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր յուշանուէրներ յանձնուեցան` «Նարեկ» աղօթամատեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ բազմամեայ ծառայութիւն կատարած սարկաւագներուն իբրեւ գնահատանք: Գնահատուեցան հետեւեալ սարկաւագները` Մովսէս Գէորգեան, Կարապետ Մուղալեան, Վազգէն Թովմասեան, Յովակիմ Քէշիշեան, Միքայէլ Տեմիրճեան, Եղիա Աւետիքեան, Պետրոս Գասպարեան, Զաւէն Եումուշաճիգեան, Սարգիս Յովհաննէսեան, Սիրական Իսկենտերեան, Գրիգոր Օհանեան եւ Պետրոս Պալպուչաքեան:
Փակման խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան Փառք տուաւ Աստուծոյ, որ տակաւին մեր եկեղեցւոյ մէջ կան ծառայութեան մէջ գտնուող մարդիկ, որոնք հայ եկեղեցւոյ փայլքը կ՛աւելցնեն: Եկեղեցին հաստատուած է մեր ամրութեան համար եւ եկեղեցին կը շէննայ հաւատարիմ աշխատանքով ու ծառայութեամբ: Ան մաղթեց, որ նոր սերունդի զաւակները ներկայ գնահատուողներուն օրինակով դէպի ազգ եւ եկեղեցի ուղղեն իրենց քայլերը: Աստուած իւրաքանչիւրին շնորհք մը տուած է, բայց միայն քիչեր գիտեն ծառայելով իրենց շնորհները իբրեւ արժէք զետեղել ընկերութեան կեանքին մէջ` եկեղեցւոյ, կառոյցներու, ակումբներու եւ դպրոցներու խողովակով:
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով բոլորին աշխատանքի մէջ ըլլալու, իսկ Տիրոջ տան մէջ աշխատիլ, տագնապիլ եւ քրտնիլ կը նշանակէ Տիրոջ փառքը հիւսել այս երկրաւոր պայմաններուն մէջ: