Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նոր Սիս Թաղամասին Մէջ Ժողովրդային Դիմաւորումի Արժանանալով` «Հայ Ըլլալը Կը Նշանակէ Մեր Հաւաքական Կեանքին Մասնակից Դառնալ» Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կիրակի, 13 փետրուար 2022-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Այս առիթով կիրակի առաւօտեան ժամը 10:15-ին, ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգային երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներ, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով, տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա թափօրը` գլխաւորութեամբ շեփորախումբին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր դարձեալ տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում, նաեւ աղ ու հացի օրհնութիւն, այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կը մատուցուէր պատարագ:

Պատարագի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը կատարեց մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Վեհափառ Հօր ներկայութիւնը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Աստուած եւ մեր սուրբերը մեր ժողովուրդին հետ են միշտ նոյնիսկ մեր ապրած տագնապներուն եւ փորձութիւններուն մէջ` աւելցնելով, որ Վեհափառ Հայրապետը եւս շարունակաբար մեր ժողովուրդին հետ է, որպէսզի հոգեպէս ու բարոյապէս մենք մնանք զօրեղ, ազգայնօրէն ըլլանք արթուն եւ տոկուն: Այս եզակի առիթով Առաջնորդ Սրբազանը վստահեցուց, որ հակառակ մեր դիմագրաւած արտասովոր պայմաններուն, մեր ժողովուրդը կը շարունակէ իր եկեղեցիներուն եւ համայնքային կառոյցներուն մէջ հաւատարմօրէն իր կեանքը ապրիլ իր քրիստոնէական հաւատքով ու յարատեւել ազգային արժէքներու գիտակցութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ հաւատալ, որ մեր սուրբերը երկինքէն կը նային մեզի եւ իրենց գերագոյնը կ՛ընծայեն, որպէսզի ծանր տագնապներու քովէն անցնող լիբանանեան մեր կեանքը արժանանայ Աստուծոյ ամենազօր ողորմածութեան` աւելցնելով, որ շնորհիւ այդ հաւատքին Պուրճ Համուտը կը մնայ հայադրոշմ, իսկ Նոր Սիսն ալ կը մնայ խիզախ ու անջնջելի: «Վեհափա՛ռ տէր, այսօր դուք եկած էք մեզի հետ աղօթելու, մեզի ուժ տալու, նոր յոյս թելադրելու եւ մեր նայուածքը դէպի ապագայ ուղղելով մեր ընելիքներուն համար մեզի նոր հորիզոններ ցոյց տալու», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղելու իր հայրական պատգամը:

Վեհափառ Հայրապետը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս այս հոգեպարար առիթը ընծայեց իրեն ըլլալու ժողովուրդի զաւակներուն հետ: «Ժողովուրդին հետ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, որովհետեւ Աստուծոյ հաւատացող ժողովուրդը Աստուծոյ ժողովուրդն է: Ժողովուրդին հետ ըլլալ կը նշանակէ հայրենիքին հետ ըլլալ, որովհետեւ հայրենիքը սոսկ հող, ջուր, քար չէ, այլ` ժողովուրդ է: Ժողովուրդին հետ ըլլալ կը նշանակէ եկեղեցւոյ հետ ըլլալ, որովհետեւ եկեղեցին իր զանազան կերպերէն անդին ժողովուրդն է իր էութեամբ եւ իր առաքելութեամբ: Ահա թէ ինչու ժողովուրդն է բոլոր կառոյցներուն, բոլոր կազմակերպութիւններուն աղբիւրը, առանցքը, ուժը, ինքնութիւնը: Հետեւաբար ամէն անգամ երբ ժողովուրդին հետ ըլլամ, ժողովուրդին ներկայութիւնը ինծի համար կը դառնայ յիշեցում, թէ մենք ոչինչ ենք առանց ժողովուրդի: Ժողովուրդի ներկայութիւնը յիշեցում մը կը դառնայ այն առաքելութեան, որուն լծուած ենք», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը` նկատել տալով, որ այս պատճառով ինք անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունէ բոլոր ներկայ հաւատացեալները, թեմի առաջնորդ սրբազանը, Ազգային իշխանութիւնը, թեմին մէջ գործող բոլոր կառոյցները, որոնք զանազան կերպերով լծուած են ժողովուրդին ծառայութեան: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը ողջունեց Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, եւ բոլոր յարակից մարմիններն ու կառոյցները: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւ յարակից բոլոր կառոյցները, որոնք միշտ լծուած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ես այս պահուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ճամբով լիբանանահայութեան կ՛ուզեմ երեք յիշեցումներ եւ թելադրութիւններ կատարել. ա) Անհրաժեշտ է, որ մենք միասնաբար եկեղեցի դառնանք: Կ՛ուզեմ շեշտել` եկեղեցի դառնանք: Եկեղեցին վայր մը չէ լոկ, ուր կ՛երթանք: Եկեղեցին ծէս չէ սոսկ, որուն կը մասնակցինք: Եկեղեցին դուք էք, մենք ենք` միասնաբար: Եկեղեցի պիտի դառնանք Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրելով: Եկեղեցի պիտի դառնանք աշխարհ բերած Քրիստոսի ճշմարտութիւնները, արժէքները, սկզբունքները ապրելով, մեր կեանքին մէջ կեանքի վերածելով: Եկեղեցի պիտի դառնանք Քրիստոսի ցոյց տուած ճամբէն քալելով: Եկեղեցի դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ կեանքին, եւ մասնակից դառնալու զանազան կերպեր կան: Հետեւաբար Լիբանանի մեր թեմին մէջ գտնուող եկեղեցիները, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ պիտի դառնան եկեղեցի: Մեր ժողովուրդը կոչուած է իր մասնակցութիւնը բերելու եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան, բ) Յաճախ մենք կը կրկնենք, թէ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին պէտք է մասնակից դառնալ: Լիբանանի հայութիւնը վերականգնումի, վերածաղկումի ընթացքի մէջ է: Լիբանանի հայութիւնը կարիքաւորներու ամբողջութիւն մը չէ: Հակառակ այն իրողութեան, որ ամբողջ Լիբանանը, նաեւ մենք, կարիքներ ունինք, մտահոգութիւններ ունինք, տնտեսական տագնապի մէջ ենք, սակայն աղքատներ չենք, խեղճեր չենք, կարիքաւորներ չենք, մուրացկաններ չենք, արժանապատուութեամբ մենք մեր բոլոր տեսակի դժուարութիւնները կը դիմագրաւենք, հակառակ մեր տեսակ-տեսակ դժուարութիւններուն, կարիքներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք պէտք է մասնակից դառնանք Լիբանանի մեր հաւաքական վերականգնումին իբրեւ հայ համայնք վերածաղկումի, վերակազմակերպումի մեր ճիգին: Մենք հպարտ ենք եւ ուրախ ենք, որ մեր կեանքին մէջ կը գործեն կրօնական, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային եւ այլ կառոյցներ: Սակայն կառոյցները կը դառնան կազմակերպ, ծաղկուն մեր մասնակցութեամբ: Ես կ՛ուզեմ, որ մեր եկեղեցիները, մեր ակումբները, մեր սրահները, մեր դպրոցները լեցուին մեր ժողովուրդին զաւակներով, լեցուին յատկապէս մեր երիտասարդներով, այլապէս ի՞նչ կ՛արժեն գեղեցիկ եկեղեցիներ, գեղեցիկ ակումբներ, գեղեցիկ սրահներ, երբ դատարկ են մարդէ: Մարդն է մեր համայնքը, մեր հայրենիքը, մեր կազմակերպութիւնները արժեւորողը: Այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ մեր զաւակները կոչուած են մեր կառոյցներու կեանքին մասնակից դառնալու: Հայ ըլլալը կը նշանակէ մեր հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալ, որովհետեւ հայութիւնը հաւաքական կեանք է, հայութիւնը անհատներու աններդաշնակ ամբողջութիւն մը չէ, եւ այդ կեանքին մեր մասնակցութեամբ մեր հայութիւնը կ՛ապրինք ու կ՛ապրեցնենք մեր հաւաքական կեանքին մէջ, գ) Իմ յիշեցումս եւ թելադրանքս բոլոր սիսեցիներուն է, ներկայ թէ բացակայ, Լիբանանի մէջ թէ աշխահի տարածքին: Ես վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր սիսեցի գիտէ իր պատմութիւնը: Գիտէ, թէ Սիսը կիլիկեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղած է, Սիսի մէջ հաստատուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ այնքան նոյնացած Սիսի ժողովուրդին հետ, որ նոյնիսկ պատմութեան ընթացքին կոչուած է Սսոյ կաթողիկոսութիւն: Ես վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդին զաւակները գիտեն, որ շուրջ տասը տարիներ առաջ, 2013 թուականին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը թուրք պետութեան դէմ դատ բացաւ` պահանջելով Սիսի բարձունքին վրայ հաստատուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը, եւ մենք, հակառակ մեր իրաւական դժուարութիւններուն, այս դատը կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք: Ես վստահ եմ, որ աշխարհատարած սիսեցիները գիտեն, որ Ցեղասպանութենէն յետոյ այս շրջանը դարձաւ Նոր Սիս եւ այս եկեղեցին Ս. Սարգիս կոչուեցաւ շարունակելով պատմական Սսոյ աւանդութիւնները, որովհետեւ ժողովուրդ մը իր ինքնութիւնը կը պահէ իր աւանդութիւններով: Ես վստահ եմ, որ սիսեցիները, ուր որ գացին, իրենց հետ տարին Սիսը, իբրեւ ոգեղէն ներկայութիւն, Սիսը` իր անցեալով,  աւանդութիւններով եւ սովորութիւններով: Հետեւաբար իմ թելադրանքս է աշխարհի տարածքին ապրող բոլոր սիսեցիներուն` մի՛ մոռնաք ձեր անցեալը, մի՛ մոռնաք ձեր արմատները, մի՛ մոռնաք Ս. Սարգիս եկեղեցին, մի՛ մոռնաք այս Նոր Սիս թաղը եւ ձեր կապուածութիւնը պէտք է գործնապէս արտայայտէք այս եկեղեցւոյ, այս թաղին, այստեղ ապրող, գործող եւ ծառայող կառոյցներուն եւ շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ»:

Եզրափակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տօնը մեր բոլորին հաւաքական տօնն է` մաղթելով, որ Ս. Սարգիսի կեանքէն, առաքելութենէն բխող արժէքներն ու արժանիքները մեր կեանքին մէջ թարգմանենք եւ աղօթեց առ Աստուած, որ իր երկնային բարիքներով` առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ երջանկութեամբ լեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մեր բոլոր ընտանիքներուն կեանքը:

Պատարագը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: