Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նոր Տարուան Տարեցներու Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, ընկերային յանձնախումբի մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան նախկին տնօրէն Սալիմ Մուսանի, կազմակերպութեան նախկին կառավարիչ Պութրուս Աունի, առաջին կառավարիչ  Ժոզեֆ Պու Խալիլի, երկրորդ կառավարիչ Միշել Հասսունի, կազմակերպութեան պատասխանատու մեթր Ժիհան Սալիպայի, շաբաթ 16 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան տարեցներու ձեռնարկ` ընկերային բաժանմունքի 100 պարագաներու համար:

Բացման խօսքը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային յանձնախումբի անդամ Կարինէ Պալեան- Նալպանտեան: Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններուն` հաւաքուած են Ազգգային առաջնորդարանի յարկին տակ Ամանորեան տօնակատարութեան առթիւ: Կարինէ Պալեան-Նալպանտեան բացատրեց, որ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը երկարամեայ տարիներու ընթացքին իր ամբողջ սէրը, նուիրումը եւ մարդկային աջակցութիւնը ցուցաբերած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան:

Այնուհետեւ խօսք առին «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անի  Արթինեան եւ անդամ Մարսել Խաուանտ, որոնք Նոր տարուան առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեցին ներկաներուն:

Ապա Սրբազան Հայրը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան, նաեւ  նկատել տուաւ, որ հակառակ մեր ապրած դժուարին պայմաններուն` մեզի հետ ունինք բարեկամներ, որոնք մեզի աջակից են, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները տօնական այս օրերու առիթով զրկուած չըլլան այդ մթնոլորտէն: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղանները, որմէ ետք ներկաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ ճաշեցին, դիմաւորեցին Կաղանդ պապան եւ ստացան նուէրներ:

Յայտնենք, որ գեղարուեստական բաժինով ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը: