Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ուսումնական Խորհուրդ. Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցում

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը այս տարի եւս կազմակերպեց նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը`  լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու համար: Մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 յունուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ:

Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտներուն, անդրադարձաւ արցախեան պայքարի ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերուն` նկատել տալով, որ ան եղած էր Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջանաւարտ, ապա յաճախած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր  մասնագիտացած էր բնագիտութեան ճիւղին մէջ: 1992-ին մեկնելով Արցախ, ան միացած էր ազատամարտի նահատակներու մեծ փաղանգին: Անթոյեան յայտնեց, որ սոյն մրցանքը ամէն տարի կը կազմակերպուի նահատակ ազատամարտիկին յիշատակը անթառամ պահելու համար:

Այս տարի Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ հայկական վարժարանները. Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան:

Իւրաքանչիւր բաժինի համար` միջնակարգ եւ երկրորդական, սահմանուած էր 2 նիւթ, որոնցմէ աշակերտը պիտի ընտրէր մէկը: Երկու ժամ տեւողութեամբ մրցումի ընթացքին 60 աշակերտ-աշակերտուհիներ իրենց մտածումներն ու զգացումները յանձնեցին էջերուն:

Յայտնենք, որ սոյն մրցանքին արդիւնքները պիտի յայտարարուին յառաջիկային մամուլի ճամբով, եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի արժանանան նիւթական նուէրներու` տրամադրուած Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ: